Արցախի Վերածնունդին Նուիրուած Հանդիսաւոր Ձեռնարկ Ստեփանակերտի Մէջ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Փետրուար 20-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ ներկայ եղած է Արցախի Վերածնունդի օրուան առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեան, Արցախի Հանրապետութան երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման ակտիւիստներ։