Արցախի ԱԺ Պատգամաւորներն ու Աշխատակազմը 1 Միլիոն 13 Հազար Դրամի Աջակցութիւն Ցուցաբերած են Սուրիահայ Ընտանիքներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներն ու աշխատակազմը 1 միլիոն 13 հազար ՀՀ դրամի չափով աջակցութիւն ցուցաբերած են Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով տուժած սուրիահայերու ընտանիքներուն։

Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն: