Ուաշինկթընի Մէջ՝ Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅ Դաշնակցութեան ու շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին, 1-2 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք մը:

Կայացան հանդիպումներ ծերակուտականներու եւ ներկայացուցիչներու հետ ու պահանջ ներկայացուեցաւ, որ ամէն գնով ընդհատուին օժանդակութիւնները` ազրպէյճանի ծաւալապաշտ ղեկավարութեան:

Ապա, Փետրուար 2-ին, «Քափիթըլ հիլ»-ի մէջ կատարուեցաւ ցոյց` մասնակցութեամբ աւելի քան 300 հայորդիներու: