պաքուն Չէ Հրաժարած Արցախի Ժողովուրդը Պատմական Բնակութեան Տարածքին Վրայ Բնաջնջելու Քաղաքականութենէն. ԱՀ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արցախի մէջ կազամատակարարման հերթական խափանման վերաբերեալ․

«2023 թ․ Փետրուար 6-ին ազրպէյճանը՝ Արցախի շրջափակումէն ի վեր արդէն վեցերորդ անգամ փակած է Հայաստան-Արցախ միակ կազատարը։ Անցեալ 57 օրերուն ընթացքին ազրպէյճանը Արցախի կազամատակարարումը խափանած է 2022 թ․ Դեկտեմբեր 13-ին՝ 3 օրով, 2023 թ․ Յունուար 17-ին՝ մէկ օրով, Յունուար 18-ին՝ մէկ օրով, Յունուար 21-ին՝ 4 օրով եւ Յունուար 28-ին՝ մէկ օրով՝ այդպիսով խաթարելով Արցախի բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութիւնը եւ հոգեբանական ճնշում գործադրելով անոր վրայ։

ազրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառով հանրապետութեան 120 հազար բնակիչ, ներառեալ՝ 30 հազար երեխայ, փոխադրամիջոցային խիստ շրջափակման եւ ձմեռնային ցուրտ պայմաններուն մէջ կը շարունակեն մեծ դժուարութիւններ կրել ջեռուցման եւ տաք ջուրի ապահովման հարցով։ Իրավիճակը ալ աւելի կը վատթարանայ Յունուար 9-ին Հայաստանէն եկող միակ բարձրաստիճան գիծի վթարին հետեւանքով յառաջացած ելեկտրականութեան սուր պակասին պատճառով, իսկ ազրպէյճանական կողմը յամառօրէն կը խոչընդոտէ վերականգնողական աշխատանքները։

ազրպէյճանի նման գործողութիւնները յստակ կերպով կը հաստատեն, որ նոյնիսկ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք՝ պաշտօնական պաքուն չէ հրաժարած Արցախի ժողովուրդը պատմական բնակութեան տարածքին վրայ բնաջնջելու իր բազմամեայ քաղաքականութենէն։ Իր նպատակներուն հասնելու համար ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կը դիմէ Արցախի շրջափակման, կը խաթարէ կենսական նշանակութիւն ունեցող ուժանիւթի ենթակառուցուածքներուն աշխատանքը՝ այսպիսով ստեղծելով անտանելի կենսապայմաններ եւ խաղաղ բնակչութիւնը մատնելով անհաւանական դժուարութիւններու։

ազրպէյճանի անմարդկային գործողութիւնները կը վկայեն, որ այս երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը ինքզինք վեր կը դասէ միջազգային իրաւունքէն եւ մարդկային բարոյականութեան չափանիշներէն։ Անտեսելով բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Արցախի շրջափակման անյապաղ վերացման կոչերը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի՝ Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը ապահովելու մասին որոշումը, պաշտօնական պաքուն փաստացի ինքզինք կը հակադրէ քաղաքակիրթ հանրութեան։ Նման վարքագիծը հնարաւոր դարձած է պաքուի վարչաձեւի անպատժելիութեան պատճառներով, որ արձակած/է անոր ձեռքերը՝ աւելի խստացնելու իր յանցաւոր քաղաքականութիւնը Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան հանդէպ։

Այս պայմաններուն մէջ Արցախի ժողովուրդին ոչնչացումը կանխելու համար՝ անհրաժեշտ կը համարենք, որ միջազգային հանրութիւնը իր ջանքերը ուղղէ ոչ միայն Արցախի շրջափակումը դադրեցնելուն, այլ նաեւ՝ ձեռնարկէ հրատապ միջոցներ, որոնք պիտի ներառեն նաեւ ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան վաղ նախազգուշացման, գնահատման եւ արձագանգման մեքենականութիւններու կիրառում»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։