Կարեւոր Է Ե՛ւ 3 Միլիոնը, Ե՛ւ 120 Հազարը, Ե՛ւ Մէկ Հայը՝ Ըլլան Անոնք ՀՀ-ի, Արցախի, Սուրիոյ, Թէ Առհասարակ՝ Հայկական Աշխարհի Մէջ. Վարդանեան
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան կը գրէ.
«Աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Թուրքիոյ մէջ կան բազմաթիւ մարդկային զոհեր, նաեւ հայութեան մէջ:
Կը ցաւակցիմ ողբերգական աղէտի բոլոր զոհերու ընտանիքներուն ու մերձաւորներուն: Կը մաղթեմ անոնց ուժ եւ տոկունութիւն այս ծանր փորձութիւնը յաղթահարելու համար: Դժբախտաբար, մենք շատ լաւ գիտենք, թէ մարդկային ինչպիսի ողբերգութիւններու պատճառ կրնայ դառնալ աւերիչ երկրաշարժը: Մեր ժողովուրդին շատ լաւ ծանօթ է այդ ցաւը:
Մեծ վիշտ կ՝ապրիմ մեր հայրենակիցներու կորուստին համար: Իւրաքանչիւր հայու կեանքն ու ճակատագիրը կարեւոր է: Կարեւոր է ե՛ւ 3 միլիոնը, ե՛ւ 120 հազարը, ե՛ւ մէկ հայը՝ ըլլան անոնք Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, թէ առհասարակ՝ հայկական աշխարհի մէջ»։
