Նման Արտայայտութիւնները Հայ Ժողովուրդի Շահերէն Չեն Բխիր, Ջուր Կը Լեցնեն թուրք-ազրպէյճանական Տանդեմի Ջրաղացին․ Արցախի ԱԺ-ն Խստօրէն Դատապարտած է Գուրգէն Արսէնեանի Վտանգաւոր Վարքագիծը
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն յայտարարութիւնը․
«Վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական խօսոյթին մէջ, մասնաւորապէս՝ Ազգային ժողովի որոշ պատգամաւորներու ելոյթներուն մէջ յաճախ կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Արցախեան ազգային – ազատագրական պայքարին նշանակութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, պառակտում կը մտցնեն ազգին մէջ:
Նմանատիպ յայտարարութեամբ վերջերս հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեանը:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները, խստօրէն դատապարտելով նման վտանգաւոր վարքագիծը, համոզում կը յայտնեն, որ այդօրինակ արտայայտութիւնները ոչ միայն չեն բխիր հայ ժողովուրդի շահերէն, այլեւ ջուր կը լեցնեն թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի ջրաղացին:
Կ՝ակնկալենք ՀՀ Ազգային ժողովին ներկայացուած խմբակցութիւններուն պաշտօնական արձագանգը:
Յետագային նման անպատասխանատու յայտարարութիւնները բացառելու նպատակով՝ կոչ կ՝ընենք հարցը քննարկելու բարոյագիտութեան յանձնաժողովին:
Համոզուած ենք, որ հայկական երկու հանրապետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն կրնանք դիմակայել միայն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ»:
«Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ» խմբակցութիւն
«Միասնական հայրենիք» խմբակցութիւն
«Արդարութիւն» խմբակցութիւն
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն
«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն
ք. Ստեփանակերտ
06. 02.2023թ.
Նշենք, որ քպ-ական պատգամաւորը ՀՀ ԱԺ ընդդիմութեան հրաւիրած Բերձորի միջանցքին նուիրուած խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ նման յայտարարութիւն ըրած էր,- «Մենք չենք կարող ռիսկի ենթարկել երեք միլիոն հայերի՝ հանուն 120 հազար արցախցիների»:
