Երկրաշարժի Պատճառով Սուրիոյ Մէջ Զոհերուն Թիւը Կը Հասնի 403-ի, Իսկ Վիրաւորներունը՝ 1284-ի
Սուրիոյ երկրաշարժներու ազգային կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Ռաէտ Ահմատ յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան երկրաշարժէն ետք 25 յետցնցումներ արձանագրուեցան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-էն։
Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ յետմիջօրէի ժամը 4։00-ի տուեալներով զոհերու ընդհ. թիւը հասաւ 403-ի, վիրաւորներունը՝ 1284-ի։
Հալէպի մէջ զոհերուն թիւը հասաւ 156-ի, վիրաւորներունը՝507-ի, փուլ եկաւ 46 շէնք։
Երկրաշարժներու կեդրոնի պատասխանատուին կարծիքով երկրաշարժներուն ժամը, օրը եւ տարին կարելի չէ կանխատեսել, սակայն լեռնաշղթաներու շրջանները, համաշխարհային առումով, ենթակայ են երկրաշարժային աշխուժութեանց։
