Խնդիրը Չի Կրնար Լուծուիլ Բնօրրանին Մէջ 120 Հազար Մարդու Բնաջնջմամբ. Ռուբէն Վարդանեանի Հարցազրոյցը The Hill Times-ին
Գանատական The Hill Times պարբերականը ծաւալուն յօդուած հրապարակած է ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պատճառներուն եւ անոր հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԵՐԿԻՐ»-էն։
Ներկայացնելով շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած անմարդկային պայմանները՝ պարբերականը կը գրէ, որ Յունուար 25-ին Գանատայի Համայնքներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային զարգացման մշտական յանձնաժողովը Լաչինի միջանցքի շրջափակման թեման դիտարկելու համար գումարած են երկու նիստ, որոնց ծիրէն ներս Վինձորի համալսարանի փրոֆէսըր Քրիստոֆըր Վաթըրսը դէպի Արցախ մարդասիրական օգնութեան արգելափակումը բնութագրած է իբրեւ «տէ ֆաքթօ ցեղական զտումներ»:
Յօդուածին մէջ կը մէջբերուին նաեւ յանձնաժողովի անդամներ Հիզըր Մաքֆըրսընի եւ Ժան-Փիեռ Կոտպաուի խօսքերը, որոնք կը նշեն, որ Գանատան պէտք է օգտագործէ ՄԱԿ-ի մէջ իր դիւանագիտական խողովակները՝ Լաչինի միջանցքը բանալու նպատակով ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու համար:
Պարբերականի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը նոյնպէս կոչ ըրած է Գանատային եւ միջազգային հանրութեան՝ ճնշում գործադրելու ազրպէյճանի վրայ եւ պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի կառավարութեան հանդէպ՝ Լաչինի միջանցքը բանալու համար: Ռուբէն Վարդանեան կոչ ըրած է «մարդկայնական օդային միջանցք» ապահովելու՝ դէպի Արցախ մատակարարումներ իրականացնելու համար:
Արցախի պետական նախարարը վիճարկած է Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան մասին ազրպէյճանի ներկայացուցած տուեալները՝ նշելով, որ Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր ընդամէնը քանի մը հարիւր բեռնատար անցած է Լաչինի միջանցքով, որոնք պատկանած են ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր խաչի միջագային կոմիտէին: «Համեմատութեան համար նշեմ, որ շրջափակումէն առաջ օրական 800-1000 բեռնատար մտած է Արցախ»,- ըսած է Վարդանեան՝ ընդգծելով, որ շրջափակման հետեւանքով դադրեցուած են դեղորայքի, սնունդի, վառելիքի եւ ելեկտրականութեան կանոնաւոր մատակարարումները:
«Մեր ողջ տնտեսութիւնը կանգնած է, որովհետեւ մենք չենք կրնար արտադրութեան համար որեւէ միջոց ներկրել կամ այստեղ արտադրուող որեւէ ապրանք արտահանել»,- նշած է Ռուբէն Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ սահմանափակ վառելիքի եւ ելեկտրականութեան պայմաններուն մէջ դպրոցները եւս ստիպուած եղած են դադրեցնելու իրենց աշխատանքը: «Անընդունելի է ձմրան ընթացքին 30,000 երեխայի ստիպել ապրիլ առանց սնունդի, առանց կրթութեան կամ առանց կազի ու ելեկտրականութեան: ազրպէյճանը պէտք է ընդունի, որ պէտք է երկխօսութիւն ըլլայ, ասիկա չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճանապարհով կամ սեփական բնօրրանի մէջ 120,000 մարդու ցեղական զտումներու ենթարկելով»,- ամփոփած է պետական նախարարը:
