Թեքսասի Հայկական Եկեղեցին Ճանչցուած է 2022 թ. ԱՄՆ-ի Լաւագոյն Շինութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

 World-Architects կայքը հրապարակած է 2022 թ. ԱՄՆ-ի լաւագոյն շինութիւններուն ցանկը, որուն մէջ առաջինը կը համարուի Թեքսասի Սբ. Սարգիս հայկական եկեղեցին:

«Ճարտարապետ Տէյվիտ Հաթսընի կողմէ նախագծուած եկեղեցին դարերու խորքէն կը տարածուի հազարաւոր մղոններ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ կապուելով հայկական աւանդոյթներու եւ հայ ժողովուրդի հետ»,- գրած է կայքը:

Ըստ yerkir.am-ի՝ եկեղեցին օծուած է 2022 թ. Ապրիլ 23-ին, իսկ առաջին կիրակնօրեայ աղօթքը կատարուած է Ապրիլ 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան օրը: «Փոքր եկեղեցին, համեմատած այլ նախագիծերու, հեռու է Հայաստանէն աւելի քան 7000 մղոն, բայց եկեղեցւոյ համայնքի շատ անդամներ այն հայերուն ժառանգներն են, որոնք փախած էին երկրէն Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ»,- նշուած է կայքին մէջ:

Եկեղեցին կառուցուած է Երեւանէն քանի մը քլմ հեռու գտնուող եւ 7-րդ դարուն կառուցուած Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կրկնօրինակով: Եկեղեցւոյ վրայ պատկերուած կենաց ծառը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, բաղկացած է 1.5 միլիոն շրջանաձեւ պատկերներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը եզակի է, ինչպէս մէկ դար առաջ խլուած կեանքերը:

Հաթսըն զգացուած էր, որ իր նախագծած շինութիւնը արժանացած է նման բարձր կոչման. «Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ հայկական եկեղեցին նման կոչման արժանացած է, զայն կ՝ուզեմ կիսել ամբողջ խումբի, նախագիծի օգտին քուէարկողներու եւ հայկական համայնքի այն ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց համար ասիկա մեծ նշանակութիւն ունի»: