Սփիւռքը Այսօր Լուրջ Աշխատանք Կը Տանի եւ Պիտի Շարունակէ Տանիլ՝ Ի Նպաստ Հայաստանի ու Արցախի․ Մուրատ Փափազեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մագրոնը Յունուար 23-ին Ելիսէյեան պալատին մէջ ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը: Հանդիպման մանրամասներուն եւ քննարկուած հիմնական հարցերուն վերաբերեալ Tert.am-ը զրոցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հետ։

«Ֆրանսայի նախագահին հետ հանդիպումը տեւած է մօտ մէկ ժամ, որուն ընթացքին կրցանք Էմանուէլ Մագրոնին ներկայացնել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։ Մասնաւորապէս խօսած ենք Արցախի շրջափակման մասին, որուն հետեւանքով 120,000 մարդ կտրուած է աշխարհէն, ներկայացուցած ենք, որ շրջափակումը լուրջ վտանգներու առաջ կանգնեցուցած է Արցախի ժողովուրդն ու ստեղծած մարդկայնական ճգնաժամ, այն ալ 21-րդ դարուն՝ առանց միջազգային ճնշումներու։ Այս հարցին հետ կապուած ներկայացուցած ենք մեր առաջարկները, որոնք Մագրոնը ընդունած է, իրենց կողմէն եւս եղած են առաջարկներ։ Այժմ կը սպասենք եզրակացութեան, յառաջիկայ օրերուն կրկին պէտք է աշխատանք տանինք իրենց հետ՝ հիմնական եզրակացութիւններու համար»,- ըսաւ ան։

Մուրատ Փափազեան նշեց, որ անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերող սպառնալիքներուն եւ նոր պատերազմի վտանգին։

«Վտանգ կայ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն նոր պատերազմ կրնայ սկսիլ եւ մենք առաջարկեցինք միջազգային գործընթաց սկսիլ՝ զայն կանխելու համար։ Գաղտնիք չէ, որ իլհամ ալիեւը հարցին կը մօտենայ պատերազմական ոճով, մանաւանդ, երբ կը խօսի այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ազրպէյճան»-ի մասին։ Այս հարցին շուրջ յայտնած ենք մեր մտահոգութիւնները, առաջարկած, որ Ֆրանսան միջազգայնօրէն առաջարկներ ընէ, որ պիտի ստիպէ ալիեւին յարգելու զինադադարը»,- ըսաւ Մուրատ Փափազեան։

Վերջինս ընդգծեց, որ Էմանուէլ Մագրոնը կիսած է իրենց մտագոհութիւնները պատերազմի վերսկսկման, Արցախի շրջափակման վերաբերեալ։

«Գաղտնիք չէ, որ եւրոպական շարք մը երկիրներ կ՝օգտուին ազրպէյճանական կազէն, ուստի յարաբերութիւնները, որ ունի ալիեւը Եւրոպայի հետ, բաւական դրական են։ Եւ հակառակ անոր, որ ԵԽ-ն որոշեց վերահաստատել 70 դիտորդներուն իրաւագիրը, ազրպէյճանի դիրքերը կը շարունակեն ուժեղ մնալ։ Մեր խնդիրն է՝ պարբերաբար բարձրաձայնել ազրպէյճանի կողմէ սպառնացող վտանգներուն մասին»,- ընդգծեց Փափազեանը։

Հարցին, թէ Էմանուէլ Մագրոնը ինչպէ՞ս կը վերաբերի այն հանգամանքին, որ իր մուտքը ՀՀ արգիլած են՝ Մուրատ Փափազեանը պատասխանեց․

«Անշուշտ, Էմանուէլ Մագրոնը տեղեակ է այդ փաստէն, այդ մասին ան խօսած է նիկոլ փաշինեանի հետ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Մագրոնը չի հասկնար՝ ինչու այդպիսի որոշում կայացուած է, իրեն համար ատիկա անթուլատրելի որոշում էր, մանաւանդ, որ ինքը վկայ է, որ ես մշտապէս պաշտպանած եմ Հայաստանի ու Արցախի շահերը։ Հանդիպման ժամանակ Մագրոնը ինքը անդրադարձաւ այդ թեմային, ես որոշած էի չանդրադառնալ, եւ մտահոգութիւն յայտնեց։ Ես անոր տեղեկացուցի այս հարցով վերջին զարգացումներուն մասին։ Գիտէք, որ դատական գործընթաց սկսած է եւ Մայիս 17-ին դատական նիստ պէտք է տեղի ունենայ արգելքի որոշման դէմ»։

Մուրատ Փափազեան ընդգեց, որ Սփիւռքը այսօր լուրջ աշխատանք կը տանի եւ պիտի շարունակէ տանիլ՝ ի նպաստ Հայաստանի ու Արցախի:

«Սփիւռքի մէջ ստեղծուած իրավիճակով բաւական մտահոգ ենք, պէտք է աւելի աշխուժանանք, մեծցնենք մեր աշխատանքի ծաւալը, որպէսզի առաջին հերթին լուծուի շրջափակման հարցը եւ կանխուի նոր հաւանական պատերազմը»,- աւելցուց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան։