ՄԻԵԴ-ը Հրատապ Ծանուցում Ուղարկած է
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Յունուար 16-ին հրատապ ծանուցում ուղարկած է Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու մասին իր՝ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշման կատարումը ազրպէյճանի կողմէ վերահսկելու նպատակով:
Նշենք, որ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին ազրպէյճանը դիմած էր Եւրոպական դատարան՝ պահանջելով վերացնել միջանկեալ միջոց կիրառելու որոշումը:
Միաժամանակ ազրպէյճանը պահանջած էր միջանկեալ միջոցներ կիրառելու Հայաստանի դէմ, այն է՝ «ձեռնարկել իր իրաւասութենէն բխող բոլոր միջոցները ուղղուած ռուս խաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման վայրին մէջ գտնուող ազրպէյճանի տարածքին մէջ բժշկական անյետաձգելի օգնութեան կարիք ունեցող մարդոց համարժէք բուժման եւ խուսափիլ այս ուղղութեամբ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ»:
Ի պատասխան՝ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը 2022 թուականի Դեկտեմբերին եւ 2023 թուականի Յունուարին Եւրոպական դատարան ուղարկած է պարբերաբար թարմացուող տեղեկութիւն Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդկայնական ծանր վիճակին մասին: Միաժամանակ, Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը Եւրոպական դատարանէն պահանջած էր անյապաղ ծանուցում ուղարկելու Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպական դատարանի 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշումը չկատարելուն վերաբերեալ:
Եւրոպական դատարանը, հաշուի առնելով կողմերուն ներկայացուցած փաստարկները, այսօր մերժած է ազրպէյճանի պահանջները ամբողջութեամբ՝ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշումը ձգելով ուժի մէջ: Եւրոպական դատարանը մերժած է նաեւ Հայաստանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին ազրպէյճանի պահանջը:
