ազրպէյճանական Քաղաքականութեան Ցեղական Զտման Առաւել Հեռուն Գացող Քայլերը Կանխարգիլելու Համար Անհրաժեշտ է Միջազգային Փաստահաւաք Առաքելութեան Գործուղումը․ ՀՀ եւ ԱՀ ՄԻՊ-եր
Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու հաստատութիւնները հրապարակած են Լաչինի միջանցքի արգելափակման մարդկայնական հետեւանքներուն վերաբերյալ արտահերթ զեկոյց՝ 2023թ Յունուար 13-ի դրութեամբ նոր թարմացուած տուեալներով։
ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ զեկոյցին մէջ պաշտպանները անդրադարձած են Լաչինի միջանցքի խնդիրին միջազգային կառոյցներու, գործիչներու եւ լրատուամիջոցներու արձագանգին, Լաչինի միջանցքը շրջափակելուն վերաբերեալ ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ հասարակային գործիչներու կողմէ սադրիչ յայտարարութիւններուն, ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ ցեղական զտման շարունակական նշաններուն, շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդկայնական ճգնաժամին, «բնապահպաններ»-ու ցոյցի կեղծ էութիւնը հիմնաւորող նոր տուեալներուն, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի կառավարութեան հետ ճանապարհը ապօրինաբար փակած անձերու անմիջական կապերուն:
Զեկոյցին մէջ անդրադարձած են նաեւ բնակչութեան ազատ տեղաշարժի, բաւարար կենսամակարդակի ապահովման, սնունդի հասանելիութեան, առողջութեան պահպանման իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ երեխաներու իրաւունքներու խախտումներուն։
Զեկոյցի տարբեր բաժիններուն մէջ իրաւունքներու խախտումները վերլուծուած են ըստ միջազգային մարդու իրաւունքներու եւ մարդկայնական իրաւունքի սկզբունքներու եւ չափանիշներու։
Պաշտպաններուն հետեւութիւնն է, որ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը անհրաժեշտ է ի թիւս այլնի, ցեղական զտման ազրպէյճանական քաղաքականութեան առաւել հեռուն գացող քայլերը կանխարգիլելու համար։
Հաստատուած փորձին համաձայն՝ զեկոյցը կը ներկայացուի մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւագիր ունեցող կազմակերպութիւններուն ու դերակատարներուն։
