Մեծ Բրիտանիոյ Մէջ Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Համար Իրականացուած Աշխատանքներ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի հանդէպ ազրպէյճանական հերթական յարձակումէն ետք, որ դրսեւորուեցաւ Արցախը արտաքին աշխարհէն ֆիզիքապէս մեկուսացնելով, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները անմիջապէս ձեռնամուխ եղան ստեղծուած իրավիճակի հաղթահարման ուղղուած գործողութիւններու, որոնք միտուած են Արցախի համար արտաքին քաղաքական զօրակցութեան, իսկ ազրպէյճանի համար՝ միջազգային ճնշումներու ապահովման։ Կատարուած աշխատանքներուն մասին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար հանդէս կու գայ հաղորդագրութիւններով։

Անցնող շաբաթներուն ընթացքին էական աշխատանքներ կատարուած են նաեւ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբին կողմէ՝ բրիտանական հասարակական քաղաքական շրջանակներու մէջ ազրպէյճանական յարձակման բարձրաձայնման եւ բրիտանական կառավարութիւնը գործնական քայլերու դրդելու ուղղութեամբ։ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը՝ անցնող շաբաթներուն ընթացքին՝ անմիջական պարբերականութեամբ թողարկած է լրատուական տեղեկատուներ՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին Մեծ Բրիտանիոյ մէջ անհրաժեշտ իրազեկվածութեան ապահովման համար։ Ասոնց իբրեւ արդիւնք՝ բազմաթիւ խորհրդարանականներ հանդէս եկած են Արցախը սատարող եւ ազրպէյճանական ճնշումը դատապարտող յայտարարութիւններով, դիմած կառավարութեան՝ գործադրելու գործնական քայլեր։

Դեկտեմբեր 13-ին, Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը հանդէս եկած է իրազեկող յայտարարութեամբ, ապա, նոյն օրը, գրութեամբ դիմած է ՄԹ արտաքին քարտուղար Ճէյմս Քլեվըրլիին՝ պահանջելով դատապարտել ազրպէյճանական գործողութիւնները, մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկել Արցախ եւ ճանչնալ վերջինիս անկախութիւնը։ Արտաքին քարտուղարին, «Բրիտանիա-Հայաստան» խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին անունով, նամակ հասցէագրած է նաեւ խումբի նախագահ Թիմ Լոթնը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Արցախը ցեղական զտման ենթարկելու ազրպէյճանական քաղաքականութեան եւ անոր անգլիական հակազդեցութեան անհրաժեշտութեան մասին։

Տարբեր առիթներով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին կառավարութեան հարցումներ ուղղած են, բրիտանական հակազդեցութիւն եւ գործնական քայլեր պահանջած խորհրդարանականներ Թիմ Լոթնը, Քերոլայն Քոքսը, Լորտ Ալթոնը, Լորտ ՄաքՔոլնեսը, Սթեֆան Տոթին, Քրիս Լոն, Ալեքս Սոպելը, Ճէսիքա Մորտընը եւ Ֆիոնա Պրիւսը։

Յունուար 3-ին, Արցախի մէջ հնարաւոր ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը, միջազգային եւ բրիտանական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ անհատ գործիչներ։

Աւելի ուշ, Պարոնուհի Քոքսը, Թիմ Լոթնը, Լորտ Ալթոնը, Քովենթրիի եպիսկոպոս Ռոման Ուիլեըմսը եւ այլք հանդէս եկած են բրիտանական մամուլի մէջ տեղ գտնող ազրպէյճանական թեզերու դատապարտմամբ՝ պահանջելով ճշգրիտ տեղեկատւութիւն։

Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը վերջին շաբաթներուն ընթացքին աշխատանքներ իրականացուցած է նաեւ բրիտանական լրատուամիջոցներու եւ անհատ լրագրողներու հետ՝ անաչառ տեղեկատւութեան ապահովման եւ ազրպէյճանական քարոզչութեան դէմ պայքարի համար։

Յունուար 12-ին, Քերոլայն Քոքսը գրութեամբ դիմած է նաեւ ՄԹ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Ալիսա Գերնսին՝ պահանջելով հարցում իրականացնել Արցախի մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին մասին եւ անոր հիման վրայ պատրաստել հրատապ զեկոյց, հանդիպիլ ՄԹ հայկական Սփիւռքին հետ՝ անաչառ տեղեկատւութեան ստացման եւ ազրպէյճանական կեղծ քարոզչութեան ազդեցութեան տակ չինալու համար։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

13.01.2023թ.