Ծերակուտականները Դիմած են Պայտընի Վարչակազմին՝ Արցախ Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկելու Պահանջով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ ծերակուտականներ Պոպ Մենենտես եւ Ճէք Ռիտ՝ համապատասխանաբար Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի եւ Զինուած ծառայութիւններու յանձնաժողովներու նախագահները կոչ ըրած են Պայտընի վարչակազմին շտապ օգնութիւն ուղարկելու Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ) եւ զօրացնելու ճնշումը ազրպէյճանի վրայ՝ վերացնելու այնտեղ բնակող 120,000 հայերուն միամսեայ շրջափակումը իրենց բնիկ հայրենիքին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

«ազրպէյճանի շրջափակումը դադրեցնելը պէտք է սկսի ալիեւի կաշառակեր եւ ցեղապաշտական վարչաձեւին ԱՄՆ ռազմական օգնութեան դադրեցմամբ»,- ըսած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանը՝ ողջունելով ծերակուտականներուն դիրքորոշումը։

Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին ուղարկուած համատեղ նամակին մէջ նախագահ Մենենտես եւ նախագահ Ռիտ խորը մտահոգութիւն կը յայտնեն ազրպէյճանի շրջափակման վերաբերեալ՝ նշելով, որ ազրպէյճանը պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի խաղաղ բնակչութիւնը սննդամթերքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հասանելիութիւնը արգելափակելուն համար:

Անոնք նշած են, որ ԱՄՆ-ն պէտք է քայլեր ձեռնարկէ պաշարուած բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ու անհրաժեշտ օգնութիւն հասցնելու ուղղութեամբ։

«Մենք պէտք է աջակցինք այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՝աշխատին օգնութիւն տրամադրելու համար, ինչպէս նաեւ աշխատինք ողջ Եւրոպայի մէջ մեր համախոհ գործընկերներուն հետ, որոնք նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնած են պաքուի գործողութիւններուն վերաբերեալ՝ ճնշում գործադրելու ալիեւի վարչաձեւին վրայ՝ դադրեցնելու այս անընդունելի շրջափակումը»,- ըսուած է նամակին մէջ։