ազրպէյճանի Քայլը Պէտք է Դատապարտուի Միջազգային Ընտանիքին Կողմէ․ Մուրատ Փափազեան (տեսանիւթ)
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Երկիր Մեդիա»-ի ուղիղ տեսակապով մանրամասներ ներկայացուցած է Յունուար 10-ին Ֆրանսայի խորհրդարանին առջեւ Լաչինի հարցով տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին վերաբերեալ:
Ան նշած է, որ հանրահաւաքները շարունակական պիտի ըլլան, հաւաքներ պիտի կազմակերպուին նաեւ ազրպէյճանի եւ թուրքիոյ դեսպանատուներուն առջեւ:
«Պէտք է աղմուկ բարձրացնենք, որ դատապարտման ալիքը հզօրանայ, որպէսզի ազրպէյճանը ստիպուած ըլլայ վերացնելու իր ցեղասպան նախաձեռնութիւնը»,- նշած է Մուրատ Փափազեան:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով․
