ազրպէյճանը Նպատակ Կը Հետապնդէ Խարխլելու Արցախի Ժողովուրդին Ամբողջութիւնը՝ Պարտադրելով Օտարացում Իր Պատմական Հայրենիքէն. ԱՀ ԱԳՆ
ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր 120,000 բնակչութեան մէկ ամիս շարունակուող շրջափակումը 2020 թ․ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ամենալայնածաւալ յարձակումն է Արցախի ժողովուրդին վրայ։
2022 թ․ Դեկտեմբեր 12-ին ազրպէյճանական իշխանութիւնները, կոպտօրէն խախտելով 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, արգելափակած են Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող Լաչինի միջանցքը։
Իբրեւ արդիւնք, հանրապետութեան մէջ օրէ օր կը սրուի առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, դեղորայքի, պարէնի եւ վառելիքի պակասը։ Շրջափակման կործանարար ազդեցութիւնը խորացնելու նպատակով՝ ազրպէյճանը փակած էր իր կողմէ գրաւուած տարածքներով Հայաստանէն Արցախ հասնող կազի մատակարարումը։ Յետագային, կազամատակարարումը վերականգնուած է, սակայն 2023 թ․ Յունուար 9-ին դադրեցուած է Հայաստանէն ելեկտրականութեան մատակարարումը Գորիս-Ստեփանակերտ միակ բարձրաստիճան գիծի վթարին պատճառով, որ եւս կ՝անցնի ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքով։ Մինչ այսօր ազրպէյճանը միտումնաւոր կը խոչընդոտէ վթարավերականգնողական աշխատանքները, որ կը վկայէ անոր քայլերու կանխամտածուածութեան մասին։ Այսպիսով, ազրպէյճանի գործողութիւնները 120,000 բնակչութիւն ունեցող Արցախը կանգնեցուցած են մարդկայնական աղէտի շեմին։
Արցախի շրջափակումը 2020 թ․ թուրքիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքէն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անմիջական մասնակցութեամբ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած ռազմական յարձակման ուղղակի շարունակութիւնն է։ Չկարենալով Արցախի ժողովուրդը իր հայրենիքէն վտարել ռազմական ճանապարհով՝ ազրպէյճանը զինադադարի հաստատումէն ի վեր, աւելի քան երկու տարի, հետեւողական փորձեր կը ձեռնարկէ քիչ ակնյայտ, բայց ոչ պակաս անմարդկային եղանակներով իր յանցաւոր նպատակներուն հասնելու համար։
ազրպէյճանի ձեռնարկած քայլերուն ամբողջութիւնը եւ անոր բարձրագոյն ղեկավարութեան՝ պաքուի իրական մտադրութիւնները բացայայտող պաշտօնական յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումը ազրպէյճանի քաղաքականութեան հերթական գործիքն է՝ ուղղուած Արցախի ժողովուրդի ոչնչացման։ Միտումնաւոր ստեղծելով անտանելի կենսապայմաններ՝ ազրպէյճանը նպատակ կը հետապնդէ խարխլելու Արցախի ժողովուրդին ընդհանրութիւնն ու ամբողջութիւնը՝ պարտադրելով օտարացում իր պատմական հայրենիքէն եւ հրաժարում սեփական հաւաքական իրաւունքներու իրացումէն։ ազրպէյճանի գործողութիւնները, անկասկած, անոր ցեղասպան քաղաքականութեան շարունակութիւնն են։
Կոչ կ՝ընենք պետութիւններուն, որոնք կը գործեն ե՛ւ անհատապէս, ե՛ւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս, համաձայն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման նկատմամբ ունեցած համընդհանուր յանձնառութեան, ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ անյապաղ կանխարգիլելու ցեղասպան գործողութիւնները, որոնք ազրպէյճանը համակարգուած կերպով կ՝իրականացնէ Արցախի ժողովուրդին դէմ՝ բացարձակ անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ։
Միջազգային հանրութիւնը ունի անհրաժեշտ գործիքակազմը եւ իրաւական բոլոր հիմքերը՝ միջամտելու Արցախի մէջ ստեղծուած եւ օրէ օր վատթարացող իրավիճակին։ Վերահաս աղէտին ծիրէն ներս միջազգային հանրութեան անգործութիւնը անընդունելի է, նաեւ այն պատճառով, որ ատիկա ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կը դիտարկուի իբրեւ իրենց յանցաւոր գործողութիւններու լուռ խրախուսում։
ԱՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւն
Արցախի Հանրապետութիւն
