Խաղաղութիւնը Ուղղակի Անհնար է Առանց Արցախահայութեան Իրաւունքներու Յարգման եւ Ճանաչման․ ԱՀ Նախագահ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը խաղաղութեան, բարիդրացիական յարաբերութիւններու ամենամեծ կողմնակիցն ու ջատագովն է, սակայն խաղաղութիւնը ուղղակի անհնար է առանց արցախահայութեան իրաւունքներու յարգման եւ ճանաչման։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։

«Այլ պայմաններով խաղաղութեան գինը արցախցիներու կեանքն ու ցեղասպանութիւնն է:

Մեկամսեայ շրջափակման ու չընդհատուող տարաբնոյթ բռնաճնշումներու պայմաններուն մէջ ապրող 120,000 արցախցի կը շարունակէ լիայոյս մնալ, որ 21-րդ դարուն ցեղասպանութիւններ չեն կրնար ըլլալ ու պէտք չէ ըլլան, մերօրեայ աշխարհի մէջ մարդը, անոր իրաւունքներն ու ազատութիւնները աւելին են, քան դրամական արտայայտութիւն ունեցող արժէքները:

Մենք չենք դադրիր հաւատալէ քաղաքակիրթ եւ անդաւաճան մարդկութեան գոյութեան»: