Օրուան Իշխանութիւնը Ազգակործան Հերթական Քայլը Կը Նախապատրաստէ․ ՀՅԴ ԳՄ
Հայաստանի օրուան իշխանութիւնը իր ազգադաւ ծրագիրներէն հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու եւ անոնց դէմ պայքարողներուն հանդէպ ապօրինի հետապնդումները շարունակելու նոր շրջափուլ սկսած է: Կեղծ օրինանակութեան շղարշով քողարկելով իր հակապետական եւ հակաժողովրդավարական գործելակերպը, իրաւապահ համակարգը կրկին թիրախ դարձուցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Ընդամէնը ամիսներ առաջ կուսակցութեան գրասենեակներուն մէջ եւ կուսակցութեան անդամներու բնակարաններուն մէջ իրականացուած տասնեակ խուզարկութիւններուն, ձերբակալումներուն եւ կալանաւորումներուն, այսօր աւելցան նորերը: Այսօր ձերբակալուած են կուսակցութեան Արարատի մարզային կառոյցի աշխոյժ անդամներ Գառնիկ Մանուկեանը եւ Արտաւազդ (Աշոտ) Մարգարեանը, կուսակցութեան համակիր Հունան Մելքոնեանը, ապօրինի հարցաքննութեան ենթարկուած են կուսակցութեան գերագոյն մարմնի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանը, ինչպէս նաեւ ընդամէնը մէկ ամիս առաջ դատարանի որոշմամբ ազատութեան մէջ յայտնուած Գերասիմ Վարդանեանը: Այս ընկերներուն բնակարաններուն մէջ իրականացուած են նաեւ խուզարկութիւններ: Դատախազութեան կողմէն կրկին ասպարէզ նետուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Գերագույն մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեանի նկատմամբ յարուցուած ապօրինի քրէական հետապնդման մասին տեղեկատւութիւնը:
Արձանագրելով Դաշնակցութեան եւ անոր համակիրներուն հանդէպ օրուան իշխանութեան իրականացուող քաղաքական հալածանքներու նոր թափին մասին, բոլորին ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք հանգամանքի մը վրայ, որ օրուան իշխանութիւնը կը նախապատրաստէ ազգագործան հերթական քայլը:
133 տարուան ընթացքին ՀՅԴ-ն տեսած է բազմաթիւ զրկանքներ ու բանտեր, դիմագրաւած է թշնամիներ եւ դաւաճաններ, չէ ընկրկած, յաղթահարած է բոլոր դժուարութիւնները, կանգնած եղած է Հայոց պետականութեան կերտման եւ ամրացման ակունքներուն: Նման քայլերով ՀՅԴ-ն պայքարէ ետ պահելը անհնար է:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
11․01.2022 թ․, Երեկան
