Արցախի Ժողովուրդը Կանգնած է Նոր Մարտահրաւէրի Առջեւ՝ Հնարաւորութիւն Չունի Ելեկտրականութիւն Ստանալու Հայաստանէն. Օփերաթիւ Շտաբի Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Արդէն երկրորդ օրն է, որ Գորիս-Ստեփանակերտ 110 ՔՈւ Արցախը Հայաստանէն սնուցող միակ բարձրաստիճան գիծի 33-րդ քմ-ով՝ Աղաւնօ-Բերձոր հատուածին վրայ արձանագրուած վթարին պատճառով Արցախի ժողովուրդը կանգնած է նոր մարտահրաւէրի առջեւ՝ հնարաւորութիւն չունենալով ելեկտրականութիւն ստանալու Հայաստանէն: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։

Հանրապետութեան ելեկտրամատակարարումը կ՝իրականացուի տեղական սահմանափակ աղբիւրին միջոցով՝ համապատասխան սահմանափակումներով:

ազրպէյճանական կողմը հնարաւորութիւն չի տար նշուած վայրին վրայ իրականացնելու վթարավերականգնողական աշխատանքներ՝ կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշներն ու սկզբունքները եւ խորացնելով արդէն մէկ ամիս շրջափակման մէջ գտնուող խաղաղ բնակչութեան մէջ առկայ մարդկայնական ճգնաժամը: