Շրջափակման Հետեւանքով Արցախի 6828 Երեխայ Չի Կրնար Մանկապարտէզ, Նախակրթարան եւ Երկարօրեայ Դպրոց Յաճախել (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը ազրպէյճանի կողմէ արգելափակուելուն պատճառով՝ Յունուար 9-էն նախադպրոցական հաստատութիւններու, հանրակրթական դպրոցներու նախադպրոցական խումբերու եւ դպրոցներու երկարօրեայ եղանակով աշխատանքը՝ սնունդի ոչ բաւարար մատակարարման պատճառով՝ ժամանակաւորապէս կասեցուած է։ Այս մասին նշուած է Արցախի տեղեկատուական շտաբի հրապարակած պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ, որ ամէն օր կը թարմացուի:

Շրջափակման պայմաններուն մէջ սնունդի սրացող սղութեան պատճառով՝

Փակուած է 41 մանկապարտէզ․

Փակուած է 56 նախադպրոցական խումբ․

Փակուած է 20 երկարօրեայ ուսումնական հաստատութիւն։

Ասիկա կը նշանակէ, որ 6828 երեխայ այյեւս չի կրնար մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկարօրեայ դպրոց յաճախել՝ զրկուելով համապատասխան խնամք, սնունդ եւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն։

«Վերջին 2 օրերուն Արցախի մէջ առատ ձիւն կը տեղար։ ազրպէյճանի կառավարութեան գործակալներուն կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղիի արգելափակման հետեւանքով անհնար դարձած է այդ ճանապարհահատուածին վրայ ձնամաքրման եւ աղալցման աշխատանքները իրականացնելը։ Ուստի, երթեւեկելը այդ հատուածով խիստ վտանգաուոր է նաեւ ձիւնի պատճառով։

Ինչ կը նշանակէ ասիկա:

Ճանապարհի փակ ըլլալուն պատճառով լրացուցիչ էական դժուարութիւններ յառաջացած են ինչպէս Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին, այնպէս ալ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մեքենաներուն համար, որոնք կ՝իրականացնէին որոշակի քանակով մատակարարումներ եւ կը տեղափոխէին ծանր հիւանդները։

ազրպէյճանական կողմի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով՝ Արցախի բնակչութիւնը կանգնած է նաեւ ուժանիւթի ճգնաժամի առջեւ:

Յունուար 9-ին` ժամը 14։35-ին, Գորիս-Ստեփանակերտ 110 քու Արցախը Հայաստանէն սնուցող միակ բարձրաւոլթ գիծի 33-րդ քմ-ի վրայ արձանագրուած է վթար։ Ըստ սարքաւորումներով արձանագրուած տուեալներուն` վթարը կը գտնուի Աղաւնօ-Բերձոր հատուածին վրայ։ ազրպէյճանական կողմի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով նշուած հատուածին վրայ այս պահուն հնարաւոր չէ իրականացնել շրջայց եւ կազմակերպել վթարավերականգնողական աշխատանքներ: Ուստի, որոշում կայացուած է հանրապետութեան ելեկտրամատակարարումը իրականացնել տեղական արտադրող կայաններուն միջոցով՝ համապատասխան սահմանափակումներով։ Մեկնելով տուեալ իրավիճակէն` Հանրապետութեան տարածքին կ՝իրականացուին հովհարային անջատումներ:

Ինչ կը նշանակէ ասիկա:

Ձմեռնային ցուրտ եղանակին եւ ձիւնի առատ տեղումներուն ընթացքին հոսանքազրկումը ալ աւելի կը խորացնէ շրջափակման պատճառով յառաջացած մարդկայնական աղէտը: Արցախը այժմ կանգնած է նաեւ ուժանիւթի ճգնաժամի առջեւ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ 10 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ:

12 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որոնց 6-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

Արդէն 110 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ:

«ազրպէյճանի կառավարութեան գործակալները ահաբեկչական գործողութիւններով 30 օր շարունակ շրջափակման պայմաններու մէջ պատանդ կը պահեն Արցախի 120,000 բնակչութիւնը:

Շրջափակման պատճառով Արցախի 120,000 բնակչութիւնը (ներառեալ՝ շուրջ 30, 000 երեխայ) կը կրէ բազմաթիւ զրկանքներ եւ կանգնած է սովի վտանգին առջեւ:

Աւելի քան 12,000 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ պիտի մակատարարուէր Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ մատակարարուած է անոր միայն չնչին մասը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: