Արցախի Մայրերու Նախաձեռնութեամբ Խաղաղ Ցոյց՝ ԿԽՄԿ Արցախի Գրասենեակին Դիմաց

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մայրերու նախաձեռնութեամբ խաղաղ ցոյց իրականացած է ԿԽՄԿ Արցախի գրասենեակին դիմաց։ Մայրերը  խնդրած եւ կոչ ըրած են Կարմիր Խաչին լիարժէք կատարելու միջազգայնօրէն ամրագրուած իր գործառոյթները, որմէ ետք՝ Արցախի մայրերու ակումբին անունով նամակ փոխանցած են ԿԽՄԿ Լեռնային Ղարաբաղի առաքելութեան ղեկավարին։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։

Նամակին մէջ ըսուած է.

«Մենք՝ Արցախի մայրերս, գրեթէ մէկ ամիս մեր երեխաներուն հետ գոյատեւելով ազրպէյճանական ամբողջական շրջափակման պայմաններուն մէջ, սպառած ենք հոգեպէս եւ սպառած են մեր բոլոր միջոցները։

Մեր երեխաները թերի կը սնուին, մենք կը սարսափինք այն մտքէն, որ երեխան կրնայ հիւանդանալ, քանի որ առաջին անհրաժեշտութեան շարք մը դեղեր ի սպառ կը բացակային։ Բազմաթիւ կաթնախառնուրդով սնուող երեխաներու մայրեր կը սարսափին ամէն օր դեղատունէ դեղատուն երթալով եւ կաթնախառնուրդ չգտնելով։

Այսօր մեր երեխաները պիտի երթային մանկապարտէզ ու դպրոց, բայց անոնք մեզի հետ այս ցուրտին կանգնած են ձեր գրասենեակին առջեւ, քանի որ սնունդի պակասուրդի պայմաններով փակուած են հանրակրթական շարք մը հաստատութիւններ եւ ի թիւս այլ հիմնարար իրաւունքներու, անոնք նաեւ զրկուած են կրթութիւն ստանալու իրենց հիմնարար իրաւունքէն։

Անոնցմէ շատերը արդէն 1 ամիս է հեռու են իրենց ծնողներէն եւ չեն գիտեր նոյնիսկ, թէ երբ կրկին հնարաւորութիւն պիտի ունենան գրկելու իրենց մայրերն ու հայրերը…

Մենք կը գնահատենք Կարմիր Խաչի մինչ այս գործադրած բոլոր ջանքերը ճգնաժամը մեղմացնելու ուղղութեամբ եւ շնորհակալ ենք ցուցաբերած սրտացաւութեան համար, բայց, դժբախտաբար, իրավիճակի սրութեան պայմաններուն մէջ ադոնք բաւարար չեն եւ աղէտը հետզհետէ կ՝ահագնանայ, ուստի կը խնդրենք եւ կոչ կ՝ընենք ձեզի, իբրեւ աշխարհի ամենաազդեցիկ մարդկայնական կազմակերպութիւն, գործի դնէք ձեր բոլոր կապերը, միջոցներն ու ջանքերը այս ճգնաժամի գոնէ մարդկայնական կողմը կանխելու համար։

Ձեր նշանաբանն է. «Բարեգործութիւն պատերազմի ընթացքին», ասկէ ալ դաժան պատերա՞զմ…»։





Լուսանկարները Դաւիթ Ղահրամանեանի էջէն