Հայկական Սփիւռքը Հզօր Գործօն է եւ Կրնայ Ճեղքել. Լիլիթ Մակարեան
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Լիլիթ Մակարեան Facebook-ի իր էջին վրայ կը գրէ․
«Հայաստանի իշխանութիւններէն սպասել որեւէ կտրուկ եւ վճռական քայլեր` Բերձորի միջանցքը բանալու հարցով, անյոյս է եւ ինքնախաբէութիւն` նախ քանի մը պատճառով։ Մասնաւորապէս, ՀՀ իշխանութիւնները ժամանակ երկարելու եւ ծանր իրավիճակէն ելք գտնելու համար զանազան խոստումներով` իրենց խճճած են եւ յայտնուած աշխարհաքաղաքական հանգոյցի մէջ, որմէ կ՝օգտուի թշնամին եւ նորանոր հարուածներ կը հասցնէ։ Հայաստանը տկարացած է, իսկ բնակչութեան հիմնական մասը այնքան ապականուած է, այնքան անհայրենիք, այնքան անարժէք, այնքան անաստուած, որ լուռ կը սպասէ դէպքերու զարգացման, ողջ ներուժը զբաղցնելով` այսօր ալ ուտենք-խմենք, թուրքը իրօ՞ք կը հասնի Երեւան, արդեօ՞ք կը կորսնցնենք պետականութիւնը ցնորամիտ մտատանջումներով, իսկ շատերն ալ արդէն հաշտուած են իրավիճակին, յանձնուած եւ իրենց կը պատկերացնեն թուրքի տիրապետութեան տակ։
Այս պարագային Սփիւռքը հզօր գործօն է։ Աշխարհի անտարբերութիւնը ճեղքուեցաւ, թրքական ժխտողականութիւնը այդ ժամանակ կասեցուեցաւ եւ մեր ազգային ողբերգութեան յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ ASALA-ի, Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներու (ՀՑԱՄ)… շնորհիւ. յիշեցնեմ Ֆրանսայի նախագահ Ֆ. Միթերանը յարգանքի տուրք մատուցեց եւ առաջին անգամ օգտագործեց «Կենոսիտ» եզրոյթը, նոյնը՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Ռ.Ռէկընը։
Աշխարհի մէջ այժմ այլ իրավիճակ է եւ ՀՑԱՄ-ի, ASALA-ի գործողութիւններու կոչեր պիտի չընեմ, բայց Հայկական Սփիւռքը անյապաղ պէտք է ոտքի կանգնի եւ ճեղքէ թուրք-թաթարական խարդաւանքն ու աշխարհաքաղաքական փակուղին։
Երեք երկիրներու մէջ՝ Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա, խաղաղ շրջափակման ենթարկեցէք պետական շէնքերը, դեսպանատուները, միջազգային կազմակերպութիւններու գրասենեակները, կաթուածահար ըրէք երթեւեկութիւնը, համաշխարհային յառաջադէմ հանրութիւնը, որ իր ձայնը բարձրացուցած է 120 հազար հայերը, ներառեալ՝ 30 հազար երեխաները մարդկայնական աղէտի մատնելու փաստին, պիտի միանայ ձեզի։
Հայոց Վեհափառներ, պատրիարքներ, Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններ եւ հազարաւոր կազմակերպութիւններ ոտքի հանեցէք, դուք կրնա՛ք»:
Լիլիթ Մակարյան
