Հայրենիքը Տակաւին Կանգնած է Անվտանգային Մարտահրաւէրներու Առջեւ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Հայաստան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձը Ամանորի առիթով.

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս,

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը, սէրն ու բարեմաղթանքները կը բերենք բոլորիդ։

Նոր տարուայ սեմին ենք մեր սպասումներով ու յոյսերով, նաեւ անհանգիստ սրտով ու մտահոգութիւններով։ Անցնող տարին մեր ժողովուրդին համար զերծ չեղաւ տագնապներէ, ունեցանք նոր զոհեր ու կորուստներ։ Հայրենիքը տակաւին կանգնած է անվտանգային մարտահրաւէրներու առջեւ․ թշնամական նշանառութեան տակ են մեր սահմաններն ու խաղաղ բնակավայրերը։ Արցախաբնակ Մեր զաւակները աննկուն ոգիով կը շարունակեն պայքարիլ յանուն իրենց անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան՝ դիմագրաւելով բազում նեղութիւններու՝ նաեւ Լաչինի ճանապարհի արգելափակումով պայմանաւորուած։

Այսպիսի դժուարին իրավիճակի մէջ մենք չենք կրցած մեր ազգային ներուժով լիարժէք միաբանուիլ հայրենիքը զօրացնելու եւ ծանր կացութենէ դուրս բերելու համար։ Այսօր աշխարհը ալեկոծող աշխարհաքաղաքական սուր դիմակայութիւնները, որ տեղիք տուած են հոգեւոր, ընկերային եւ տնտեսական բազմազան խնդիրներու, նոյնպէս իրենց անմիջական ներգործութիւնը կ՝ունենան մեր տարածաշրջանին մէջ ծաւալուող զարգացումներուն վրայ։

Այդուհանդերձ, առ Աստուած ապաւինութեամբ Ամանորի այս երեկոն մենք բարեմաղթանքներ կ՝ուղղենք իրարու։ Բարեմաղթանքներ՝ աշխարհի խաղաղութեան, մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու յառաջընթաց կեանքի։ Մեր հոգիին մէջ առաւելաբար ակնկալիքներն են մեր կորուստներու վերականգնման, յառնած խնդիրներու յաղթահարման եւ ազգային մեր կեանքի նորոգութեան։

Սիրելիներ, քրիստոնիայի առաքելութիւնն է ապրիլ յոյսով եւ ըլլալ լաւատես՝ համոզումով, որ, ինչպէս կ՝ըսէ առաքեալը, «յոյսը երբեք չ՝ամչցներ» (Հռ. 5. 5)։

Պետութիւնները կը կործանուին, ժողովուրդները կ՝անհետանան ոչ թէ փորձութիւններու ծանրութենէն, այլ յոյսի սպառումէն, ապագայի հանդէպ տեսլականի եւ զայն կեանքի կոչելու վճռականութեան բացակայութենէն: Մեր ժողովուրդի յարագնայ երթը եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ Քրիստոսախարիսխ հաւատքի, յոյսի ու լաւատեսութեան պատմութիւն: Այս վստահութեամբ ապրինք ու գործենք՝ ամրօրէն կառչած մեր ինքնութեան, մեր գոյութեան անփոխարինելի գրաւականներուն՝ հայրենիքին, մեր լեզուին ու մեր հաւատքին: Հեռու վանենք մեզմէ վհատութիւնը, ապազգայնութիւնն ու անտարբերութիւնը եւ յուսառատութեամբ համախմբուինք ազգային ու պետական շահերուն շուրջ։ Գիտակցինք, որ այս է ուղին մեր վիրաւոր հայրենիքի ապաքինման, Արցախի մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան, հայրենիք-սփիւռք միասնականութեամբ լուսաւոր գալիքի երաշխաւորման եւ ազգիս յարատեւութեան։ Ուստի, առաքելական յորդորով «արթո՛ւն ըլլանք եւ սիրոյ ու հաւատի զրահները հագնինք եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտը դնենք» (Ա Թես. 5. 8-9):

Հայրապետիս աղօթքն է, որ Ամենակարողն Աստուած խաղաղութեան մէջ պահէ մեր հայրենիքը եւ անփորձանք՝ հայրենեաց պաշտպան մեր զինուորները։ Տիրոջ օրհնութիւնն ու մխիթարութիւնը կը հայցենք ծանր կորուստներ կրած ընտանիքներուն, ապաքինութիւն՝ վիրաւորներուն, շուտափոյթ վերադարձ՝ գերեվարուած ու անյայտ կորած մեր զաւակներուն։

Ամանորի սեմին միասնաբար հայցենք Ամենակալից, որ նոր տարիին մեր ժողովուրդը ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս պահպանէ խաղաղ ու ապահով, սիրով միասնական ու շնորհէ հայրենաշէն ու ազգաշահ իրագործումներ։ Թող Տէրը մեր կեանքին մէջ առատացնէ յոյսը մեր հայրենիքի ու ազգի ապագայի հանդէպ։ Եւ թող Աստուծոյ սէրն ու շնորհները այսօր եւ միշտ ուղեկից ըլլան մեզի եւ բոլորին:

Օրհնեալ, բարի նոր տարի։