Լաչինի Ճանապարհին Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները Հայաստանի Անկեղծութեան Փորձութիւն են. չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Լաչինի ճանապարհի վերջին զարգացումները Հայաստանի անկեղծութեան փորձութիւնն են։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, յայտարարած է թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար մեւլութ չաւուշօղլուն։

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի»,- ըսած է թուրք ԱԳ նախարարը։

Միաժամանակ ան նշած է, որ «ազրպէյճանական հողերու հարստութիւնը իւրացնելու փորձը անընդունելի է»։

«թուրքիան այս հարցով, ինչպէս ցանկացած այլ հարցով, կ՝աջակցի ազրպէյճանին»,- ըսած է չաւուշօղլուն։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ թուրքիոյ համագործակցութիւնը «եղբայրական ազրպէյճանի հետ կը գտնուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ, որ կրնայ ըլլալ միայն երկու երկիրներու միջեւ»։