ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ Բողոքի Հաւաք ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Մոնթրէալի Գրասենեակին Դիմաց

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 28-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՀՈՐԻԶՈՆ»-ը։

Մոնթրէալի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին դիմաց ԳԵՄ-ի անդամները բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին, պահանջելով վերջ տալ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։ ՄԱԿ-ի գրասենեակի պաշտօնատարներ կապ հաստատեցին ցուցարարներուն հետ եւ իրազեկ դառնալէ ետք կացութեան, խոստացան ցուցարարներու բողոքին մասին տեղեկացնել ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Օթթաուայի Կեդրոնական գրասենեակի գերատեսչութեան։

Բողոքի ցոյցի աւարտին՝ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամները երգեցին «Ելէք հայեր Պայքարի» երգը։