Լեռնային Ղարաբաղ, Անտանելի Լռութիւն. Le Républicain Lorrain
Աւելի քան երկու շաբաթ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակիչները կը գտնուին ազրպէյճանի կողմէ լիակատար շրջափակման մէջ։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, գրուած է Le Républicain Lorrain-ի խմբագրականին մէջ։
«Մարդասիրական աղէտի ուրուականը գրեթէ չի դպչիր ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւին, որ կը ձգտի սովի մատնել բնակչութիւնը` ստիպելու անոնց լքել իրենց հայրենիքը: Միջազգային հանրութեան կոչերը կը մնան անպատասխան, իսկ Ռուսիոյ դերը չի նպաստեր լարուածութեան տկարացման։
Վլատիմիր Փութինը փաստացի թոյլ կու տայ ազրպէյճանին, որուն արդէն իսկ կ՝աջակցի թուրքիան, կատարելու իր գործը»,- ըսուած է հրապարակման մէջ։
