Դեկտեմբեր 28-ին Երթ Դէպի ՀՀ Կառավարութեան Շէնք՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Արցախի
Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբերին, ժամը 15։00-ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը նախաձեռնած է երթ, որ պիտի սկիզբ առնէ Մատենադարանի մօտակայքէն եւ աւարտի ՀՀ Կառավարութեան շէնքին դիմաց։
Երթը կը կրէ «Իրական մեղաւորը» խորագիրը եւ նպատակ ունի ցոյց տալու, որ իրավիճակի հանգուցալուծման առաջնային պատասխանատուները ՀՀ փաստացի իշխանութիւններն են, որոնք, սակայն, որեւէ գործուն քայլ չեն ձեռնարկեր 2 շաբաթէն աւելի ամբողջական շրջափակաման մէջ գտնուող Արցախի եւ մայր հայրենիքի հետ կապող կենսական ճանապարհին բացման ուղղութեամբ։
Միացի՛ր երթին նաեւ դուն, պահանջքդ ներկայացուր պատասխանատուներուն:
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւն
