Փեսգովը Սադրիչ Կը Համարէ Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Յայտարարութիւնները
Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիդրի Փեսգովը Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին յայտարարութիւնները սադրիչ կը համարէ։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։
«Նման յայտարարութիւնները կարելի է համարել սադրիչ։ Անոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Ռուս պաշտօնեաներէն ոչ ոք ըսած է ատիկա եւ ոեւէ մէկուն միջոցով ատիկա չէ ներկայացուած հայկական կողմին»,- ըսած է Փեսգովը։
Նշենք, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ըսած է, որ երկրի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան կը ստիպէ Հայաստանին իր ինքնիշխան տարածքով միջանցք տրամադրելու ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ միանալու միութենական պետութեան։
