Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Լաչինի Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Ընդունած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ուրուկուէյի Ծերակոյտը միաձայն ընդունած է յայտարարութիւն, ըստ որուն ազրպէյճանին կոչ կ՝ընէ ազատ տեղաշարժ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքով: Այս մասին Twitter-ի միջոցով յայտնած է Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցչութիւնը։

«Քանի մը վայրկեան առաջ Ուրուկուէյի Ծերակոյտը միաձայն կողմ քուէարկեց յայտարարութեան մը, որմով կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանին կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ազատ տեղաշարժ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքով՝ վերջ դնելով ճնշումներուն»,- նշուած է Հայ Դատի հաղորդագրութեան մէջ: