Շրջափակման Ընթացքին Արցախի Մէջ 26 Ծնունդ Արձանագրուած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Դեկտեմբեր 12-էն Արցախը ազրպէյճանի կողմէ կը շարունակէ մնալ շրջափակման մէջ։ Արցախի Տեղեկատուական շտաբի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ այդ ընթացքին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 26 փոքրիկ՝ 13 աղջիկ եւ 13 տղայ։