Ստեփանակերտի Ծննդատունը Ջեռուցման Խնդիր Ունի. 14 Փոքրիկ ու Մայրիկ Կը Գտնուին Անմիջական Բուժման Բաժնին Մէջ
Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ, այս պահուն, 14 փոքրիկ եւ մայրիկ կը գտնուին անմիջական հսկողութեան եւ բուժման բաժնին մէջ, ուր կան նաեւ նորածիններ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
Արդէն երկրորդ օրն է՝ Ստեփանակերտի Ծննդատունը ունի ջեռուցման խնդիր, իսկ ճանապարհի շրջափակումը շարունակուելու պարագային կրնայ յառաջանալ նաեւ բժշկական անհրաժեշտ պարագաներու խնդիր։
Հակառակ ստեղծուած իրավիճակին՝ նորածիններուն մայրիկները վստահեցուցած են՝ Արցախը պիտի չի յանձնուի եւ իրենց փոքրիկները պիտի մեծնան ազատ Արցախի մէջ։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով․
