Դատապարտել Ազրպէյճանի Յարձակումները եւ Կասեցնել Անոր Սանձարձակ Գործողութիւնները․ ԱՀ ԱԳՆ-ի Գրութիւնները՝ Միջազգային Շարք Մը Կազմակերպութիւններու
Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան գրութիւններ ուղարկած է միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններու եւ ՀՀ-ի մէջ օտարերկրեայ դեսպանատուներուն։
Դեկտեմբեր 14-ին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան գրութիւններ ուղարկած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշին, ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուին, ՀՀ-ի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան` Անտրիա Վիքթորինին, ԵԽ գրասենեակի ղեկավար Մարթինա Շմիտդին, ՀՀ-ի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի պաշտօնակատար Քրիստինէ Վայկանտին, ՀՀ-ի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսական Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտիայի Միացեալ Թագաւորութեան, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան, Յունաստանի Հանրապետութեան, Աւստրալիական Միութեան, Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան, Եթովպիոյ Դաշնային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան դեսպաններուն եւ շարք մը այլ միջազգային կազմակերպութիւններու։
Նամակներուն մէջ ներկայացուած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ ճանապարհը փակելուն եւ Հայաստանէն Արցախ բնական կազի մատակարարումը ընդհատելուն պատճառով։
Փաստաթուղթերուն մէջ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնն ու գործողութիւնները որակուած են իբրեւ միջազգային իրաւունքի, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ միջեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում։

Կոչ ուղղուած է կիրառելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ Ազրպէյճանի յարձակումները դատապարտելու, սանձարձակ գործողութիւնները կասեցնելու եւ Արցախը ապաշրջափակելու համար։
Ընդգծուած է Ազրպէյճանի պահուածքին անհրաժեշտ գնահատական տալու անհրաժեշտութիւնը։
