ՔՊ-ի Յայտարարութիւնը Կը Հակասէ Հայաստանի ու Արցախի Շահերուն. «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Յարգելի՛ հայրենակիցներ 

Ինչպէս յայտնի է, ազրպէյճանը, խախտելով իր իսկ ստանձնած  պարտաւորութիւնները եւ միջազգային մարդկայնական իրաւունքի բոլոր չափանիշները, Դեկտեմբեր 12-էն փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ ստեղծելով մարդկայնական ու անվտանգային ճգնաժամ։ Դադրեցուած է նաեւ կազամատակարարումը։ Ասիկա թշնամի երկրին կողմէ ճնշում է Հայաստանի ու Արցախի վրայ՝ նոր զիջումներ կորզելու եւ իր օրակարգը թելադրելու նպատակով։

ՀՀ ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները նախաձեռնած էին ԱԺ արտահերթ նիստ՝ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու, ազրպէյճանի յանցաւոր ու սադրիչ գործողութիւններուն գնահատական տալու եւ Հայաստանի յանձնառութիւնը Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ամրագրելու նպատակով։

Իշխող «քաղաքացիական խմբակցութեան» կողմէ այսօր տապալուած է մեր նախաձեռնութիւնը՝ այն պատճառաբանութեամբ, որ իրենք ունին յայտարարութեան սեփական տարբերակը։ ԱԺ ղեկավարութիւնը ընդդիմադիրներուն կողմէ ներկայացուած յայտարարութեան նախագիծը ներառեց ԱԺ օրակարգ միայն իրենց կողմէ ներկայացուած նախագիծը շրջանառութեան մէջ դնելէ ետք՝ խախտելով նախաձեռնութիւներու ներկայացման ժամանակագրութիւնը:

Մեզի համար յայտարարութեան ՔՊ-ական տարբերակը անընդունելի է, եւ մենք մերժած ենք անոր քննարկումը, քանի որ անիկա կը հակասէ Հայաստանի ու Արցախի շահերուն եւ յետագային պիտի օգտագործուի մեր դէմ։

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի համար մերժելի է Արցախը ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալը բացառելու, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրելու, Հայաստանի յանձնառութիւնը Արցախի նկատմամբ բարձրաձայնելու մեր մօտեցումները։

Իշխող ուժի յայտարարութեան ամբողջ իմաստը այն է, որ Հայաստանը Արցախի շուրջ ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին մէջ, ըստ էութեան, ընելիք չունի եւ թող Ռուսիոյ Դաշնութիւնը մտածէ այդ մասին։

Դատելով ՔՊ-ականներու փաստարկներէն եւ իրենց յայտարարութեան հիմնաւորումներէն՝ իրենք Արցախը կը տեսնեն ազրպէյճանի կազմին մէջ ու Արցախի ժողովուրդը կը համարեն մեր թշնամի պետութեան բնակիչներ, որոնց ցեղասպանութենէ փրկուելու համար կ՝առաջարկուի լեզու գտնել պաքուի վարչախումբին հետ։

Մենք կը դատապարտենք իշխող վարչախումբին կողմէ վարուող զիջողական ու թշնամիի օրակարգը սպասարկող քաղաքականութիւնը, որ ինչպէս 2020-ին, այնպէս ալ հիմա կը բերէ պատերազմ ու աղէտ։

Մենք յոյս կը յայտնենք, որ Հայաստան-Արցախ կեանքի ճանապարհը պիտի բացուի, մարդկայնական խնդիրները պիտի կարգաւորուին։ Կը զօրակցինք ռուս խաղաղապահներուն ու կոչ կ՝ընենք անոնց կիրառելու բոլոր միջոցները Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու եւ նմանատիպ երեւոյթները այսուհետեւ թոյլ չտալու համար։

Համոզուած ենք, որ ազրպէյճանական սադրանքները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ։ Անոնք կանխելու եւ անվտանգային նոր միջավայր ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ են ներքաղաքական փոփոխութիւններ, իրական խաղաղութիւն ապահովելուն միտուած արտաքին քաղաքականութիւն, հայ ժողովուրդի միասնականութիւն գլխաւոր հարցերու մէջ, նոր որակի պետական կառավարում, ազգային առաջնորդութիւն։

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւն