Հայաստանը Աւելի Շատ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Կարիքը Ունի Քան՝ ԱՄն-ի ու Ֆրանսայի․ Էրտողանի Խօսնակ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ եւ գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալընը  անդրադարձած է հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu լրատուականը։

Քալընը համոզուած է, որ «յառաջիկա 10 տարուան ընթացքին շատ լաւ քայլեր պիտի կատարուին ո՛չ միայն Ազրպէյճանի, այլեւ՝ Հայաստանի հետ:

«Հայաստանի հետ ալ մեր յարաբերութիւնները արագօրէն պիտի կարգաւորուին: Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրով ամբողջ Կովկասի մէջ հանգստութեան ու բարեկեցութեան  ժամանակաշրջան պիտի գայ: Ասկէ պիտի շահինք բոլորս։ Նոյնիսկ, ամենաշատը պիտի շահի Հայաստանը։ Որովհետեւ Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող փոքր երկիր է՝ 3 միլիոն բնակչութեամբ։ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ամենաշատը պիտի նպաստէ Հայաստանի զարգացման»,- ըսած է ան:

Քալընը դարձեալ ներկայացուցած է թրքական այն պնդումները, թէ հայկական սփիւռքը չ՝ուզեր հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորում:

«Կրնամ ըսել՝ հակառակ հայկական սփիւռքի կարծիքին՝ Հայաստանը Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի կարիքը աւելի շատ ունի, քան՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի ու այլ երկիրներու: Գիտէք՝ հայկական սփիւռքը ամենաշատը կեդրոնացած է աշխարհի 2 երկրի մէջ՝ ԱՄՆ-ի ու Ֆրանսայի, ուր անոնք ծայր աստիճան ազդեցիկ են՝ քաղաքականութեան, տնտեսութեան, լրատւութեան ու այլ ոլորտներու մէջ»,- ըսած է Քալընը:

Ան նաեւ պնդած է, որ «Հայաստանը փաստացի Ռուսիոյ ռազմական հովանաւորութեան ու տնտեսական ուժի վերահսկողութեան տակ գտնուող եւ  Արեւմտեան դաշինքի մէկ մասը դիտարկուող ու դիրքաւորել ցանկացող երկիր է: Այստեղէն դուրս գալը Հայաստանի օգտին պիտի ըլլայ: Այդ պատճառով անոնց համար ամենաճիշդ տարբերակը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելն է»,- ըսած է ան: