Խարբերդի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին Ամբողջութեամբ Անհետանալու Վտանգին Տակ է (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Էրկիր

Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններէն Խարբերդի մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին ամբողջութեամբ անհետանալու վտանգին տակ է։ Այս մասին, ըստ Akunq.net/am-ի, կ՝ահազանգէ թրքական «Էվրենսել» պարբերականը։

Աղբիւրին համաձայն՝ 6-րդ դարուն կառուցուած այս հնամեայ եկեղեցին յետագային կոչուած է նաեւ Խուլէվանք։ Սուրբ Գէորգ վանքը 15-րդ դարուն վերածուած է նշանաւոր գրչակեդրոնի։ Վանքի հոգեւոր սպասաւորներէն արքեպիսկոպոս Գէորգի հեղինակութեամբ 1443 թ․ հրապարակուած գիրքի մը մէջ կը նշուի, որ վանքը լքուած է Լենկթեմուրի արշաւանքներուն ժամանակ, սակայն յետագային հայ հոգեւորականները վերականգնած են զայն։

Վանքէն մեր օրեր հասած է միայն եկեղեցին, որ կը գտնուի Խարբերդի (այժմ, թրք․ անուանումը՝ Էլազըղ) Շահինքայա թաղամասին մէջ։ Թէեւ սրբավայրը պաշտօնապէս գրանցուած է իբրեւ մշակութային հարստութիւն, սակայն թրքական իշխանութիւնները զայն ձգած են ճակատագրի քմահաճոյքին։

Եկեղեցին պարբերաբար կ՝ենթարկուի գանձագողերու աւերածութիւններուն։ Շահինքայայի թաղապետ Հըտըր Շահինը կը շեշտէ, որ ինքը շատ ջանք գործադրած է եկեղեցւոյ պահպանման ուղղութեամբ, սակայն իշխանութիւնները տէր չեն կանգնած կառոյցին։ Թրքական լրատուամիջոցի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին՝ ան ընդգծած է, որ թէեւ անցեալ տարի Խարբերդի քաղաքապետը իր այցին ժամանակ խոստացած է այդ կողմերը զարգացնել զբօսաշրջութիւնը, սակայն դեռ ոչ մէկ զարգացում չէ գրանցուած այդ ուղղութեամբ։

«Էվրենսել»-ի թղթակից Օզքան Զիւլֆիքեարը հրապարակման աւարտին կը յայտնէ, որ թէեւ թրքական իշխանութիւնները 20 տարի շարունակ հանդէս եկած են եկեղեցւոյ վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին բազմաթիւ յայտարարութիւններով, սակայն գործնականօրէն որեւէ բան չեն ձեռնարկած, իսկ թեմային շուրջ մեկնաբանութիւններ ստանալու նպատակով՝ Խարբերդի քաղաքապետարան դիմած իր հեռաձայնները մնացած են անպատասխան։

Լուսանկարները՝ Օզքան Զիւլֆիքեարի

Թրքերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեանը

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Akunq.net/am