Չաւուշօղլուն Անգամ Մը Եւս Հաստատած է Հայ-թրքական Գործընթացին Կախուածութիւնը Հայ-ազրպէյճանականէն

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Անգարայի մէջ կայացած «Թուրքիոյ նախաձեռնողական եւ մարդասիրական արտաքին քաղաքականութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողովին ելոյթի ժամանակ անգամ մը եւս անդրադարձած է ՀՀ-ի հետ տարուող գործընթացներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Այս ծիրէն ներս ան նախ խօսած է Կովկասով անցնելիք Միջին միջանցքին մասին՝ Հայաստանին խորհուրդ տալով խելացի գործելու եւ նոյնպէս օգտուելու այդ ուղիներէն: Այնուհետեւ, Չաւուշօղլուն անմիջապէս անցած է Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի՝ «Հայաստանին խաղաղութեան ձեռք մեկնելու» թէզին՝ դարձեալ իրարու կապելով հայ-թրքական ու հայ-ազրպէյճանական գործընթացները:

«…Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը խաղաղութեան ձեռք մեկնեցին, Ազրպէյճանը համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրի առաջարկով հանդէս եկաւ, բանակցութիւնները պէտք է կեդրոնացուած ըլլան արդիւնքին վրայ։

Մենք ալ կարգաւորման գործընթաց ունինք (ՀՀ-ի հետ), սակայն բաւական բնական է այն, որ ատիկա, անշուշտ, կը տանինք Ազրպէյճանի հետ համակարգումով, ծայրաստիճան բնական է նաեւ այն, որ այդ երկու գործընթացներն ալ կ՝աջակցին իրարու, կամ կ՝ազդեն իրարու վրայ, ոեւէ մէկն ալ թող ատիկա անընդունելի չհամարէ»,- ըսած է Չաւուշօղլուն։