
Խափանուած է Էրտողանի Մտերիմ՝ Թուրք Քաղաքական Գործիչ Մեհմէտ Օզի Ընտրուիլը Իբրեւ ԱՄՆ Ծերակուտական
Նոյեմբեր 9-ին՝ պարտութեան ու ամօթի այս օրը, Հայ Դատի համակարգը ունեցաւ խորհրդանշական մեծ յաղթանակ։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակին եւ Հայ Դատի Փենսիլվանիոյ տեղական յանձնախումբին ամիսներ տեւած ջանքերուն իբրեւ արդիւնք, ինչպէս նաեւ համախոհ համայնքային կազմակերպութիւններուն աջակցութեամբ՝ խափանուած է Էրտողանի մտերիմ՝ թուրք քաղաքական գործիչ Մեհմէտ Օզի ընտրուիլը իբրեւ ԱՄՆ ծերակուտական։
Մեհմէտ Օզի ընտրութիւնը խափանելու համար Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանք տարած է շուրջ կէս տարի։ Օզը անցած էր ընտրութիւններու երկրորդ փուլ, եւ անոր յաղթանակը իրական գլխացաւանք կրնար դառնալ Ամերիկայի հայ համայնքին եւ առհասարակ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար։
Ի դէպ, Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն պարտութիւն կրած է նաեւ Քոնկրեսի մէջ թրքական եւ ազրպէյճանական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Սթիւ Շապոթը․․․
Գէորգ Ղուկասեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու