Այսօրուան Գրաւուած եւ Հայաթափուած Շուշին Արցախը Ցեղական Զտման Ենթարկելու Թուրք-ազրպէյճանական Քաղաքականութեան Իրական Օրինակ է

Աշխարհ, Հայաստան

2020 թուականի աշնան Արցախի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած են Արցախի Հանրապետութեան շուրջ 200 բնակավայրեր՝ ներառեալ հայկական մշակոյթի կեդրոն Շուշին։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը (ՄԻՊ):

«Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանին բռնակցելու վերաբերեալ 1921 թուականի Յուլիս 5-ի ապօրինի որոշման մէջ իբրեւ ձեւաւորուելիք հայկական ինքնավարութեան կեդրոն կը սահմանուի Շուշի քաղաքը։ Սակայն Շուշին Արցախէն օտարելու հեռահար նպատակադրութեամբ՝ 1923թ-ին, երբ Արցախի փոքրիկ հատուածի մը վրայ ձեւաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, կեդրոն դարձաւ ոչ թէ Շուշին, այլ՝ Ստեփանակերտը։

Շուշին գրաւելու, անոր հայկականութիւնը աղաւաղելու եւ զայն ազրպէյճանական ներկայացնելու ուղղութեամբ Ազրպէյճանը գործած է մշտապէս։ Քաղաքը իւրացնելու ընթացքին, ինչպէս 1900-ականներուն սկիզբը, այնպէս ալ 2020թ-ին թուրք-ազրպէյճանական տանդէմի հիմնական գործիքները եղած են ցեղական զտումն ու ցեղասպանութիւնը՝ հայ բնակչութեան ֆիզիքական ոչնչացումը, արտաքսումը, անոնց ստեղծած հոգեւոր-մշակութային արժէքներուն ոչնչացումն ու աղաւաղումը։

Շուշիի մշակութային ժառանգութիւնը քաղաքի հայկական պատկանելութեան ինքնատիպ վկայութիւն է։ Այդ է պատճառը, որ դեռ պատերազմի օրերուն երկու անգամ դիտաւորեալ թիրախ դարձած է Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, հրադադարէն ետք շարունակաբար պղծուած են Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցին եւ Շուշիի մէջ գտնուող բազմաթիւ հայկական մշակութային արժէքներ։ Ազրպէյճանը շարունակաբար կ՝աւերէ քաղաքին քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, տուները, բազմաբնակարան շէնքերը։

Այսօրուան գրաւուած եւ հայաթափուած Շուշին Արցախը ցեղական զտման ենթարկելու թուրք-ազրպէյճանական դարաւոր եւ անփոփոխ քաղաքականութեան իրական օրինակ է։

Տարբեր առիթներով միջազգային պատուիրակութիւններ տանելով Շուշի՝ Ազրպէյճանը կը փորձէ օրինականացնել իր յարձակումը։ Բոլոր անոնք, որոնք կ՝այցելեն Շուշի, իրենց քայլով յանցակից կը դառնան մարդոց տեղահանութեան եւ կ՝օրինականացնեն ուժի կիրառումը, յարձակումն ու գրաւումը։

Այսօրուան բռնագրաւումը չի փոխեր Շուշիի կարգավիճակը, անիկա եղած է ու պիտի պիտի շարունակէ մնալ Արցախի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը»։