Արթուր Դաւթեանը՝ Աշխարհի Ախոյեան (տեսանիւթ)

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան, 2022 թուականի Եւրոպայի փոխ ախոյեան, Եւրոպական խաղերու ախոյեան, աշխարհի բաժակակիր Արթուր Դաւթեանը փայլուն մրցելոյթով նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Այս մասին կը հաղորդէ News.sports.am-ը։

Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ ընթացող մարմնամարզութեան աշխարհի առաջնութեան Դաւթեանը 15.050 միաւորով շրջանցեց բոլոր մրցակիցներն ու հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան: