Հայաստան-Սփիւռք Միասնականութեան Պատրա՞նք, Թէ՝ Անջրպետ

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի նախաձեռնութեամբ՝ Հոկտեմբեր 28-31 Երեւանի մէջ տեղի կ՝ունենայ Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովը: Այս մասին «Իրաւունք»-ը զրուցած է Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Թորոնթօ քաղաքի համայնքային եւ հասարակական գործիչ Խորէն Մարտոյեանի հետ, որ, ի դէպ, հրաւիրուած չէ գագաթնաժողովին:

– Պարոն Մարտոյեան, իսկ տեղեա՞կ էք, թէ ովքեր ներկայացուած են գագաթնաժողովին Գանատայէն:

– Իմ ունեցած տեղեկութիւններով՝ Գանատայի Թորոնթօ եւ Մոնրթրալ քաղաքներու համայնքային եւ այլ կառոյցներ պաշտօնական ներկայութիւն չեն ապահովեր: Սակայն, որքան տեղեակ եմ, թորոնթոհայ համայնքի որոշ անդամներ անհատական հրաւէրներ ստացած են եւ պիտի մասնակցին, այսպես կոչուած, Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովին, անհատապէս՝ իրենց անձնական որոշումով:

-Նման գագաթնաժողովը ինչպէ՞ս կարելի էր կոչել «Համաշխարհային հայկական», եթէ հրաւիրուած չեն համահայկական բազմաթիւ աւանդական կառոյցներ եւ երեւելի անհատներ:

– Իմ պատկերացումով՝ Համաշխարհային հայկական համաժողը կ՝ենթադրէ մասնակցութիւն բացառապէս բոլոր հայկական մեծ ու փոքր կառոյցներու՝ հեռու ու մօտիկ սփիւռքէն: Իսկ այն, ինչ կը յորջորջուի Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով, ուրիշ բան չէ, քան հերթական թատերական ներկայացումը Սփիւռքի հետ միասնական ըլլալու հեքիաթին մասին: Անկեղծօրէն, կը փորձեմ հասկնալ այն մարդոց, որոնք կը մեկնին այդ հաւաքին, քանի որ անոնք իրենց ներկայութեամբ աննուղակիօրէն պիտի մասնակցին աշխարհասփիւռ հայութեան եւ իշխող խմբակի միջեւ եղած անջրպետը ալ աւելի խորացնելուն: Իսկ երեւելի անհատներու մասով պատասխանը շատ պարզ է՝ անոնք այսօրուան իշխանութիւններուն կողմէ ճանչցուած են անցանկալի անձ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: 2008-2018 թուականներուն, այսպես կոչուած «նախկիններ»-ուն կողմէ կազմակերպուած բոլոր Համահայկական համաժողովները ունէին իրենց յստակ ուղեգիծը հայկական Սփիւռքին հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Այո՛, առկայ էին որոշ թերութիւններ, սակայն անոնք կը շտկուէին եւ կը կատարելագործուէին Սփիւռքի հետ տարուող քրտնաջան աշխատանքի եւ ուղիղ շփումներու շնորհիւ, կ՝ընդգրկէին Սփիւռքի բոլոր կառոյցները, շարունակաբար եւ յամառօրէն կը ներառէին Արցախի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններն ու դիրքորոշումները, եւ անոնք կը համարուէին այն կարմիր գիծերը, որոնք որ պէտք չէր հատել: Իսկ հիմա, Արցախ բառը նոյնիսկ չի ալ յիշատակուիր այս համաժողովի օրակարգին մէջ:

– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նպատակայարմար չէ համարած մասնակցիլ գագաթնաժողովի աշխատանքներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ եւս: Ի՞նչ կ՝ըսէք այս մասին:

– Ըստ էութեան, Սփիւռքը իր հայեցի գոյութեամբ գերակշռօրէն պարտական է Հայ եկեղեցիին, որ հայապահպանութեան կարեւորագոյն գործօնն է՝ իր կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներով, անհաշուելի հայանպաստ եւ ազգային պատկանելութիւնը քաջալերող հետեւողական նախաձեռնութիւններով: Ուստի՝ լիովին հասկնալի եւ ողջունելի է երկու կաթողիկոսներուն համաժողովին չմասնակցելու որոշումը:

– Իրականութեան մէջ այս գագաթնաժողովը Սփիւռքը համախմբելո՞ւ, թէ՞ վերջնականապէս ջլատելու միտում ունի:

– Ինչպէս վերը նշեցի, այս համաժողովը միտուած է իրականութիւնը խեղաթիւրելուն եւ հանրութիւնը կրկին սուտերով կերակրելուն, բան մը որ կ՝ընեն արդէն չորս տարի շարունակ: Ինծի կը թուի՝ ողջամիտ ու սթափ մտածող իւրաքանչիւր հայու համար ակնյայտ է, որ այս խմբակը հետեւողականօրէն ու ջանասիրաբար կ՝իրականացնէ թուրք-ազրպէյճանական տանդէմի վաղեմի երազանքները, եւ բոլորովին ալ պատահական չէ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Չաւուշօղլուի այն յայտարարութիւնը, որ այժմ արդէն պէտք է կազմակերպուած պայքար տանիլ հայկական Սփիւռքին դէմ:

Ոչինչ կը մնայ ըսելու, քան խօսքս ուղղել սինանեանական խայծը կուլ տուած սփիւռքահայութեան, որոնք կը մասնակցին, այսպէս կոչուած, համաժողովին՝ ըլլալ իրատես եւ սթափ գնահատել իրավիճակը: Մենք հայրենիք ու ինքնութիւն կը կորսնցնենք:

ՀՐԱՆԴ ՍԱՐԱՖԵԱՆ