Մահացած է Աշխարհահռչակ Հայ Լուսանկարիչ Արա Կիւլերը
Հոկտեմբեր 17-ի երեկոյեան կեանքէն հեռացած է պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլեր։ Այս մասին կը հաղորդէ Daily Sabah-ը։
Աշխարհահռչակ հայ լուսանկարիչը ծնած է 1928 Օգոստոս 16-ին, Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ։
«Սթամպուլի աչք» անունը ստացած Արա Կիւլեր բազմաթիւ մրցանակներ ու տիտղոսներ ստացած է թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ։
Կիւլեր իրականացուցած է լուսանկարչական տեղեկատւութիւններ համաշխարհային պատմութեան յայտնի դէմքերու, ինչպէս՝ Ուինսթըն Չըրչըլի, Առնոլտ Թոյնպիի, Պերթրանտ Ռասելի, Փիքասոյի, Սալվատոր Տալիի եւ ուրիշներու հետ: