Միակ Իրական Ելքը Նոր Ազգային Իշխանութիւն Ունենալն է

Հայաստան

Ընդամենը 1-2 ամիս, որուն պիտի յաջորդէ կա՛մ ազգային զարթօնք ու պետականութեան վերականգնում, կա՛մ ցեղասպանութիւն, նոր տարածքային կորուստներ ու արտագաղթ։ Չկայ մէջտեղի տարբերակ։ Այս մասին գրած է թիւրքագէտ Վարուժան Գեղամեանը։

«Հայաստանի ժամանակակից պատմութեան ամենակարեւոր օրերը կ՝ապրինք։

Յառաջիկայ 1-2 ամիսները պիտի ըլլան վճռական եւ յստակ պիտի պատասխանեն հետեւեալ հարցին. պիտի ըլլա՞յ արդեօք հայկական ազգային պետութիւն 2023 թուականէն ետք, թէ՝ ոչ։

Ընդամէնը 1-2 ամիս, որուն պիտի յաջորդէ կա՛մ ազգային զարթօնք ու պետականութեան վերականգնում, կա՛մ ցեղասպանութիւն, նոր տարածքային կորուստներ ու արտագաղթ։

Չկայ մէջտեղի տարբերակ։

Կա՛մ առաջինը, կա՛մ երկրորդը։

Կա՛մ #յաւերժական Հայաստան, կա՛մ #հակաՀայաստան։

Առաջինի համար միակ իրական ելքը նոր ազգային իշխանութիւն ունենալն է, իսկ երկրորդը պիտի ըլլայ, եթէ շարունակենք ձեւացնել, որ ոչինչ կատարուած է, ու «գլուխնիս կախ մեր գործը ընենք», այսինքն՝ ուղղակի նստինք ու զբաղինք ինքնախաբէութեամբ։

Ընտրութիւնը պարզ է։

Կը մնայ՝ բոլորս կատարենք զայն։

Հայաստանի ժամանակակից պատմութեան ամենավճռական օրերը կ՝ապրինք…»։