ՀԱՅ-Ա-Ս-տան. Պատմական Հայաստան + Արցախ + Սփիւռք․ Նորա Արուշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ծ.Խ.- «Հորիզոն»ի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ «ՀԱՅ-Ա-Ս-տան Պատմական Հայաստան + Արցախ + Սփիւռք» խորագրեալ յօդուածով, հոգեբան Նորա Արուշեան արժեւորման կ՚ենթարկէ Սփիւռքի պատմական ժառանգութեան իմաստը, այն եզրայանգման հասնելով, որ Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպումն ու հզօրացումը երբեւիցէ հակոտնեայ չէ հայրենադարձութեան գաղափարախօսութեան, այլ՝ կը պայմանաւորէ, որ իւրաքանչիւր հայ իր մտածումներուն ու գործերուն մէջ իր ուշադրութիւնն ու կիզակէտը դարձնէ համայն հայութեան տունն ու օճախը հանդիսացող՝ Հայաստանը։

Ես հայ եմ՝ Սփիւռքահայ։ Ծնողքս՝ նոյնպէս Սփիւռքահայ։ Մեր ծննդավայրերը իրարմէ տարբեր՝ մայրս Լիբանան(ահայ), հայրս Սուրիա(հայ), իսկ ես, Գանատա(հայ)։  Այս ոչ բացառութիւն է, ոչ ալ անսովոր։ Այս է ակամայ մեր իրականութիւնը, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու իրականութինը։ Իսկ այս իրականութենէն առնչուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ 2022 տարին հռչակած է «Սփիւռքի Տարի»։

«Սփիւռքի Տարի» հռչակելով, մեր ժողովուրդի ուշադրութիւնը Սփիւռքի կարիքներուն վրայ կեդրոնացնելով  չի նշանակեր լքել Հայաստանն ու Արցախը։ Ո՛չ։ Սակայն, պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ ընդունիլ թէ մինչեւ այն ատեն որ ազգովին բոլորս Հայաստան ու Արցախ պիտի չի տեղափոխուինք, վաղը եւ հոն կեանք ու ապագայ հաստատենք, ուրեմն Սփիւռքը պիտի մնայ. իսկ եթէ պիտի մնայ, հարկ է որ կազմակերպուի, համախմբուի եւ դառնայ հզօր հաւաքականութիւն։

Գլխագիր Սփիւռքը, մեր գիտցած կազմակերպուած եւ դասական Սփիւռքը, ծնունդ տուած է եւ կու տայ այնպիսի հայորդիներու, որոնք շատ անգամ առանց հայրենի հողն ու ջուրով սնուելու, հայրենիքի կարօտով ապրած ու ծառայած են։ Շատ անգամ անձնական քմահաճոյքը մէկ կողմ դնելով, սերունդներ իրենց ժամն ու քրտինքը տրամադրած են այն գլխաւոր կարիքներուն, որ պէտք եղած է սփիւռքի մէջ կազմակերպելու՝ եկեղեցի, դպրոց, կեդրոն, բարեսիրական եւ միութենական այլ կառոյցներ գաղութի գոյաւորումին համար։

Որեւէ ձեւով մասնագէտ չեմ Սփիւռքեան գաղութի կարգաւորման նիւթին։ Սակայն, որպէս այս իրականութեան մէջ ծնած ու ապրած հայուհի, կրնամ իմ համեստ տեսակէտս հրամցնել, յուսալով որ առիթը կը ստեղծենք միասին Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ եւ միջոցներ որոներլու։

Եթէ ուրիշ նպատակի չի ծառայեր, թող այս առիթը առնուազն մեր ազգի ու գաղութի ղեկավարներուն մտածել տայ, թէ ինչ են մեր մարտահրաւէրները, մեր դժուարութիւնները, մեր ուժն ու կարողութիւնները, որպէս Սփիւռք։

Մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները շատ են եւ ընդհանրապէս ծանօթ։ Ձուլում, նիւթականի եւ մարդուժի պակաս, նուիրումի եւ պատախանատուութեան ստանձնման նուազում, սերնդափոխութեան խնդիր, եւ այլն։ Վստահ եմ, որ բազմիցս գիտաժողովներ եւ խորհրդաժողովներ գումարուած են այս եւ այլ մարտահրաւէրներ մատնանշելու համար։ Բոլորս գիտակից ենք եւ կը տեսնենք, թէ ինչ կը նշանակէ ձուլումի փուլի մէջ իյնալ եւ պայքարիլ անոր դէմ։ Սակայն, ձուլումի չենթարկուելու փափաքը կրնայ նաեւ մղող եւ պայքարող ուժ ըլլալ եթէ արդարօրէն օգտագործուի։ Ուրեմն, պէտք է մտածել թէ տուեալ դժուարութիւններով ի՞նչ են ախտաճանաչումները եւ ի՞նչ են անոնց տրամաբանական լուծումներն ու դարմանը։

Առաջին հերթին, անսպասելի չէ թէ երբ հայեր գաղթած են աշխարհի չորս կողմ կամ ցեղասպանութիւնէն փրկուելէ  անմիջապէս ետք, առաջնահերթութիւն դրուած է կերտելու հայոց եկեղեցի եւ հոն ունենալու հոգեւոր  հովիւ։ Հոգեկան եւ եղբայրութեան այն կապը որ հայեր կը փնտռէին Եղեռնէն ետք յոյսի եւ հաւատքի աղբիւր դարձաւ վերապրող սերունդին, որ չմոռնայ իր ազգութիւնն ու կրօնքը։ Ան փրկութեան աղբիւր ըլլալէ  անկախ եղաւ նաեւ աւանդութիւն պահելու միջոց եւ աւանդութեանց միջոցաւ վառ պահած է դարերէ ի վեր անմար մնացած սովորութիւններ։ Այսօր, մեր հայ կրօնաւորները մեզի կը հրամցնեն ծէսեր, ինչպէս՝ Տեառնընդառաջի կրակի վրայէն ցատկել, Ս. Սարգիս զօրավարի խորհրդադրուող երիտասարդներու երազներու կատարուող օր, Բարեկենդանի տօնախմբութիւն, Ծաղկազարդի մանուկներու զարդարուն մոմերն ու հիւսուած արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղեր, Վարդավառ կամ Պայծառակերպութեան տօնը եւ բազմիցս այլ օրինակներ, որոնք կը կապեն հայ երիտասարդը եւ չափահասը մեր աւանդոյթներուն։ Մեր եկեղեցին, որ գոյատեւած է դարեր շարունակ, ո՛չ միայն կը գոյատեւէ այլ կը գօտեպնդէ գաղութներու գոյատեւումը, իր մէջ պահելով հայորդիներ, որոնք զինուելով հոգեւոր առաջնորդութեամբ կը գործեն բազմաթիւ ազգանպաստ ծրագիրներու վրայ, հաստատելով անգամ մը եւս թէ եկեղեցին աղբիւր է մեր սփիւռքեան ազգի հոգեւոր, ազգային, եւ մշակութային դաստիարակութեան։ Հանրօգուտ ծրագիրները, անոնք ըլլան կրօնական, կրթական, երիտասարդական, կամ այլ  կ’ամրապնդեն կարեւոր դերը, որ կը կատարէ հայ եկեղեցին իր բոլոր հաւատացեալ կամաւորներով եւ դասերով, եւ թափ պահելով նոր օրերուն հետ կը հիւսէ անցեալն ու ապագան միասին։

Անդրադառնալով այն կառոյցներուն, որոնք հաստատօրէն Սփիւռքի հզօրացման գործին մէջ առիւծի բաժինը ունին, պէտք է առաջնահերթ կարեւորութիւն տրուի մեր Հայ Վարժարաններուն։ Ծնողքս գիտակից ըլլալով հայ կրթութեան առաջնահերթութեան, եղբայրս եւ ինծի արձանագրեցին գաղութիս հայ ամէնօրեայ ազգային վարժարան (Ս. Յակոբ), ուրկէ երկուքս հպարտ եւ բախտաւոր շրջանաւարտ ենք։ Կրնայ ըլլալ իրենց համար պարտականութիւն էր իրենց զաւակները ղրկել հայկական վարժարան, հոգիի պարտք, որպէս ցեղասպանութեան դէմ ապստամբած ու վերապրած գերդաստանի զաւակներ, սակայն, այս ճամբով էր, որ մեր մէջ ջամբեցին գիր, գրականութիւն, լեզու եւ պատմութիւն։ Ազգային վարժարանները կը զբաղին դժուարագոյն պարտականութեամբ՝ հայ մանուկին եւ պատանիին դասաւանդել ո՛չ միայն պետական մակարդակի նիւթեր, այլ՝ անոնց կողքին մշակել այնպիսի հայեր, որոնք կ’ապրին հայօրէն, կը մտածեն հայօրէն, կ’արտայայտուին   հայերէն, եւ հայերէնը կը դարնայ առօրեայ կեանք, ոչ  բացառութիւն։ Այս առնչութեամբ, պիտի յորդորէի, որ տէր կանգնիք, նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալերենք մեր վարժարանները, որոնք գաղութի մը ամենաթանկանկագին  գանձերն են՝ ընդհանրապէս հայութեան գոյաւորումին համար։

Վարժարաններուն աշխատանքը որքան ալ յաջող է, մինակը չի կրնար գործել գաղութի մը կարգաւորման մէջ։ Այս պարագային, ընտանիքը մեծ դեր կը խաղայ։

Որքան ընտանիքը կառչած մնայ հայութեան, հաւատքին, սկզբունքներուն, այնքան կը նեղնայ ձուլումի օղակը։ Հարկ է պահել այն համերաշխութիւնը, որ հայութեան փարիլը վարանող երեւոյթ չըլլայ՝ այլ խրախուսիչ։ Ամենապարզ հրահանգը, հայերէն լեզուի առօրեայ օգտագործումը, պէտք է պարտադիր ըլլայ բոլոր հայ օճախներէն ներս։ Վերջ ի վերջոյ  «Անգլերէն (կամ այլ օտար լեզու) խօսողին հայերէն պատասխանէ»։ Չ՞է։

Նոյնպէս հարկ է, որ յանձնառու իւրաքանչիւր հայորդի պահէ պատմութեան ակունքներէն ժառանգուած ազգասիրութեան ոգին եւ հայութիւնը յատկանշող աւանդները։ Աւանդութիւններու կիրառութիւնը արժէքներ սորվեցնելու, յարաբերութիւններ կառուցելու, պատկանելիութեան զգացում զարգացնելու եւ դրական յիշողութիւններ ստեղծելու միջոց է, որոնք ուժեղ եւ դրական ազդեցութիւն են գաղութի մը հայապահմանման, եւ պէտք է անոնց գործադրութիւնն ու ընբռնումը դառնայ գաղութային առաջնահերթութիւն բոլոր ծիրերէն ներս։

Հայկական վարժարաններու կողքին կարեւոր է գաղութի մէջ գործող տարբեր մակարդակի կազմակերպութիւններ կարգաւորուին, ի մտի ունենալով գաղութի ներկայ եւ ապագայ պէտքերը, հայրենիքի օժանդակութիւն եւ ապագայ ղեկավարութեան պատրաստութիւնը։ Սփիւռքի մէջ, մեր ազգային մտահոգութիւնները հոգացող հայկական պետութիւն չունինք, եւ այդ պատճառով ստեղծուած են մարդասիրական, մշակութային, մարզական եւ տարբեր տեսակի կազմակերպութիւններ, որոնք կը գոյատեւեն շնորհիւ կամաւորներու:

Կազմակերպութիւնները պէտք ունին ծրագիրներ հովանաւորող եւ ծրագիրներուն յաջողութեան ի նպաստ աշխատող կամաւորներու։ Կամաւոր աշխատիլը թէեւ զոհողութիւն մըն է, սակայն այդ ծառայութեան արդիւնքը  լրիւ  դրական է։ Կառոյցները կ’ամրանան եւ կը բարգաւաճին, գործը յառաջ կ’երթայ, իսկ կամաւորին կու տայ զօրաւոր պատկանելիութեան զգացում, զգացական իմաստութիւն,  ինքնարժեւորման զգացումը, առանց փոխարէնի եւ անսակարկ տալու պատրաստակամութիւն ու գոհունակութիւն:

Այս կամաւորական գործին մէջ կարեւոր դեր կը խաղան նաեւ մեր սփիւռքեան գաղութներու եւ կազմակերպութիւններու կարիքները քննարկող, պէտքերը հոգացող եւ ծրագրեր յառաջացնող ղեկավարութիւնը։ Դիւրին չէ ղեկավար  դիրքի վրայ ըլլալ, վստահաբար սակայն, պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն մըն է, որ պէտք է ստանձնուի ի շահ մեր համայնքի գոյատեւման։ Պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն ի դէմ բոլոր տեսակի դժուարութիւններու, դրական կամ ժխտական փորձառութիւններու, քննարկումներու կամ քննադատումներու։ Իսկ պարտականութիւն, որ պէտք է ստանձնուի ամենայն լրջութեամբ եւ վճռակամութեամբ հզօրացնելու Սփիւռքեան համայնքը, որպէսզի իր կարգին նպաստաւորէ հայրենիքի ու հայ ազգի գոյատեւումը։

Կրկին անգամ բախտաւոր կը զգամ, որ մօտէն մաս կը կազմեմ մեր սփիւռքեան գաղութի բնօրրանին, ուր առօրեայ ընթացքով կը տեսնեմ կամաւոր ծառայողներ, զոհողութեան ու իտէալական ղեկավարներու  տիպարներ, մեծ ու փոքր, որոնք օրինակի եւ քաջալերանքի աղբիւր կը դառնան ինծի՝ շարունակելու աշխոյժ միութենական գործութիւն, միասնական նպատակներու յաջողութեան համար։

Այս ալ խրատ մըն է, որ գաղած եմ Սիմոն Զաւարեանէն, որ  թէեւ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմին կը պատկանի, թէ՝ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է», այդուհանդերձ՝ յատկապէս Սիմոն Զաւարեանն է, որ դաշնակցական մտածողութեան մէջ ցանած ու մշակած է խօսքը գործով պայմանաւորելու գաղափարական աւանդոյթը։

Իսկ այս բոլորէն ետք, եթէ ինծի նման Սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած հայուհի մը կրնայ արտայայտուիլ Հայերէն, աշխատիլ ի շահ գաղութի եւ ընդհանուր հայապահպանման լայնածաւալ ծրագիրներու, այն շնորհիւ է վերոյիշեալ կէտերուն՝ ընտանիք, հայկական վարժարան եւ Սփիւռքի մէջ ծառայող կազմակերպութիւններու տարած անվերջ ջանքերուն։ Իսկ եթէ այսօր կամաւոր գործելադաշտս սփիւռքեան գաղութներու կազմակերպութիւններու մէջ է, սակայն հայեացքս միշտ դէպի յաւերժական Հայաստան է, միշտ դէպի անոր օժանդակութեան եւ աջակցութեան։

Սփիւռքի կարգաւորումն ու հզօրացումը չի խախտեր «Դէպի Հայրենիք» կարգախօսը. այլ կը պայմանաւորէ, որ իւրաքանչիւր հայ իր մտածումներուն, խօսքերուն եւ գործերուն մէջ իր ուշադրութիւնն ու կիզակէտը դարձնէ ՀԱՅԱՍտան, վերնագրին մէջ յստակեցուած ՀԱՅԱՍտանը, ուր ՀԱՅ կը խորհրդանշէ պատմական միացեալ Հայաստանը, Ա-ը Արցախը իսկ Ս-ն Սփիւռքը, որ թէեւ միայնակ կրնան գործել սակայն միասին կրնան բարգաւաճիլ եւ դառնալ զիրար ամբողջացնող անսասան ուժ։