
«Հայոց Ցեղասպանութիւն» Ըսելը Յանցագործութիւն Չէ․ Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատը Արդարացուած է
1915-ին տեղի ունեցածը Հայոց Ցեղասպանութիւն անուանելու համար Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի վարչակազմին դէմ յարուցուած քրէական գործը աւարտած է արդարացման վճիռով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Rudaw.net.Indyturk.com-ը։
Փաստաբան Նուրճան Քայան յայտնած է, որ Տիարպեքիրի 11-րդ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ կայացած նիստին ընդունուած է արդարացման որոշում։
Փաստաբանը մասնաւորապէս նշած է․ «Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութեան 2018-2020թթ․ վարչակազմին դէմ 1915-ը ցեղասպանութիւն անուանելու համար բացուած գործի դատական նիստին ենք։ Պալատի նախկին նախագահ Ճիհան Այտընը կը պատմէ, թէ ինչեր կատարուած են Տիարպեքիրի մէջ 1915 թուականին։ Այսինքն կ՝ըսէ, որ այն, ինչը ցեղասպանութիւն է, ցեղասպանութիւն ալ կ՝անուանենք եւ մեր խնդիրը առերեսումն է ու ճշմարտութեան կոչը։
Դատախազը արդարացում պահանջեց՝ պատճառաբանելով, որ իր կարծիքով յանցագործութեան տարր եւ յանցագործութիւն կատարելու (պետութիւնը հրապարակաւ նուաստացնելու) մտադրութիւն չէ եղած։
Այսպիսով յանցակազմի բացակայութեան հիմքով կայացուեցաւ արդարացման որոշում»։
Յիշեցնենք, որ նշեալ գործը յարուցուած է Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածին յատկանիշներով։ Անոր համար պատճառ ծառայած է պալատի պաշտօնական կայքին մէջ տեղ գտած երկու առանձին յայտարարութիւն․ 2019թ․ Ապրիլ 24-ին «1915․․․!» վերնագրով հրապարակուած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ 2019թ․ Դեկտեմբեր 2-ին «Չենք վախնար եւ պիտի չի լռենք» վերնագրով յայտարարութիւնը։
Վերջինս հրապարակուած է իբրեւ արձագանգ Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի 2017-2018թթ․ վարչակազմին դէմ կրկին Ապրիլ 24-ին կատարուած յայտարարութեան պատճառով յարուցուած նոյնաբովանդակ գործին։
Աղբյուր` Rudaw.net, İndyturk.com