
Ականի Պայթումէն Զոհուած է ՀՀ ՊՆ N Զօրամասի Զինծառայող, Հազարապետ
Հոկտեմբեր 12-ին, ժամը 18:30-ի սահմաններուն, ականի պայթումէն զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող, հազարապետ Սարիբեկ Գուրգենի Եղոյեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

NEWS.am-ի տեղեկութիւններով՝ Սարիբեկ Եղոյեանը ծնունդով Շիրակի մարզի Մեծ Մանթաշ վարչական շրջանէն էր, ամուսնացած էր, ունէր մէկ անչափահաս որդի։
32-ամեայ Սարիբեկ Եղոյեանը աւարտած էր Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանը։