Իրանը Վճռական է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Խորացնելուն եւ Դէմ է Տարածաշրջանին Մէջ Միջազգային Սահմաններու Իւրաքանչիւր Փոփոխութեան. Ամիր Ապտոլլահիան

Աշխարհ, Հայաստան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիան Թեհրանի մէջ հանդիպած է Հայաստանի եւ Իրանի խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավարին՝ յայտարարելով, որ Իրանը վճռական է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելուն մէջ: Վկայակոչելով Tasnim գործակալութիւնը՝ «Երկիր»-ը կը հաղորդէ, թէ Ապտոլլահիան անդրադարձած է Իրանի սկզբունքային քաղաքականութեան, որն է՝ յարգել բոլոր երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգային ինքնիշխանութիւնը:

Իրանական դիւանագիտութեան ղեկավարը կոչ ըրած է խաղաղ ճանապարհով լուծելու վէճերը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։

Ամիր Ապտոլլահիան ըսած է, որ Թեհրանը դէմ է միջազգային սահմաններու իւրաքանչիւր փոփոխութեան կամ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան։