
Ազրպէյճանական Ընկերային Ցանցերու Վրայ Հոկտեմբեր 11-ին Տարածուած Տեսանիւթը Կը Պատկերէ Անզէն Հայ Ռազմագերիներու Խոշտանգման Հերթական Դէպքը. ՀՀ ՄԻՊ
Ազրպէյճանական ընկերային ցանցի տիրոյթէն ներս Հոկտեմբեր 11-ին տարածուած տեսանիւթը կը պատկերէ անզէն հայ ռազմագերիներու խոշտանգման հերթական դէպքը՝ հիմնաւորելով այդ ռազմագերիները յաջորդիւ սպաննելու փաստը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը:
«Այս անգամ ալ ազրպէյճանական զինուժը կը տեսանկարահանէ իր պատերազմական յանցագործութեան փաստը։ Պաշտպանի հաստատութիւնը տեղորոշած է վայրը, կը հաստատենք, որ տեսանիւթին իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի տարածքին վրայ ազրպէյճանական զինուժի յարձակման ընթացքին։ Տեսանիւթին մէջ պատկերուած հայ ռազմագերիները նոյնականացուած են։ Այս փաստերը՝ ի թիւս այլ ապացոյցներու՝ կը հաստատուին սոյն թուականի Հոկտեմբեր 4-ին հայրենադարձուած հայ ռազմագերիներուն վկայութիւններով: Նշուած փաստերը մանրամասներով փաստաթղթաւորուած են եւ պիտի ուղարկուին միջազգային մասնագիտացուած կազմակերպութիւններուն ու դերակատարներուն»,- նշուած է ՄԻՊ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Պաշտպանը կ՝արձանագրէ, որ ազրպէյճանական զինծառայողներուն կողմէ իրականացուած ծանր յանցանքները կը շարունակեն մնալ անարձագանգ, իսկ անպատժելիութիւնը կը քաջալերէ զանոնք՝ նոր ու աւելի ծանր յանցանքներ գործելու համար։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այս արարքները պէտք է յստակօրէն դատապարտուին միջազգային իրաւասու դերակատարներու կողմէ։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է առաւել հետեւողականօրէն պահանջէ ազրպէյճանական իշխանութիւններէն պատշաճ քննութիւն իրականացնել եւ յանցագործներն ու կազմակերպիչները մետալներով զարդարելու փոխարէն՝ պատժել: