
Ֆրանսան Կը Հրաւիրեմ Եւրոպական Եւ Միջազգային Կառոյցներու Հետ Հայաստանի Համար Մեծ Շարժումի Սկսելու․ Պուայէ
Ֆրանսայի ծերակոյտի անդամ Վալերի Պուայէ Facebook-ի իր էջին վրայ
կոչ ուղղած է Հայաստանին աջակցելու:
«Ֆրանսան կը հրաւիրեմ եւրոպական եւ միջազգային կառոյցներու հետ Հայաստանի համար մեծ շարժումի սկսելու: Ռուսիոյ կողմէ յարձակումի ենթարկուած Ուքրանիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումի ենթարկուած Հայաստանի միջեւ երկակի արժեչափեր չեն կրնար ըլլալ»,- գրած է քաղաքական գործիչը` կցելով #SaveArmenia եւ #StandWithArmenia հեշթեկները: