Արցախցիի Ոգին, Բազուկի Ուժն ու Համբերութիւնը Ոչ Մէկ Ազգ Ունի․ Եուրա Մարգարեան

Հայաստան

Ինչպէս 90-ականներուն, այնպէս ալ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, արիութեան դասերը լաւ սերտած համալսարանականները, առաջին իսկ օրերէն ձգելով համալսարանական նստարանները, մեկնեցան ռազմաճակատ՝ սերտածը գործով ապացուցելու։ Դժբախտաբար, անոնցմէ շատերուն բաժին չի հասաւ ապրելու իրաւունքը, ուսանողական նստարանները մնացին թափուր, սիրած աղջիկները՝ սպասումով։ Անոնք գիտակցաբար ընտրեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործն ու սեփական օրինակով ապագայ սերունդներուն համար ուսուցիչ դարձան։

Մահէն փրկուածները իրենց մարտական ընկերները չեն կրնար մոռնալ։ Ստացած վէրքերը զգացնել տուող ցաւը անոնց միշտ յիշեցնել կու տայ այն օրերը։ Անոնք մեզի հետ քալող այն օրերու կենդանի վկաներն են։

«ԱՊԱՌԱԺ»-ի տեղեկութիւններով՝ Ստեփանակերտի եղբայրական յուշահամալիրին մէջ, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, իր խօսքը յղած է 44-օրեայ պատերազմի մասնակից, Արցախի Պետական Համալսարանի մարտական պատրաստութեան ակումբի ղեկավար Եուրա Մարգարեանը։

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այսօր յիշատակի օր է, օր հերոսացման, օր խնկարկումի։ 2 տարուան չսպիացող վէրքի վրայ կրկին աղ լեցնելէ ետք՝ մենք կը շարունակենք կանգուն մնալ։ Այսօր այստեղ ենք խոնարհելու համար 44-օրեայ պատերազմին  նահատակուած մեր հերոս քաջորդիներուն սուրբ եւ անմար յիշատակին առջեւ։ Անոնց շնորհիւ է, որ մենք կրնանք ապրիլ եւ արարել մեր վիրաւոր Արցախի մէջ։ Անոնց սուրբ պատգամին եւ երդման հաւատարիմ՝ մենք պէտք է խոստանանք, որ արժանի հետնորդները պիտի ըլլանք անոնց կիսատ գործին։

Ինչպէս կ՝ըսեն՝ սուգը յաւերժ է, եթէ չկայ պայքար։ Եկէք պայքարինք, ինքնակազմակերպուինք, միաբանինք մէկ միասնական գաղափարի շուրջ, ազգովին մարտնչինք, մեր հերոսներուն կիսատ գործը շարունակենք պատուով, մէկ բռունցք դառնանք, որպէսզի պայքարը ըլլայ իր նպատակին ծառայող։

Մենք իրաւունք չունինք ընդմիշտ ապրելու այս ցաւով։ Դժուար է, գիտեմ, իրապէս դժուար է։

Ես 44-օրեայ պատերազմի մասնակից եմ, կորսնցուցած եմ հարազատ քեռիս, մարտական ընկերներ, բարեկամներ։ Այս թեւաթափ ըլլալը եւ կոտրուիլը ինծի եւ Արցախցիի համար չեն։ Հաւատացէք եւ համոզուած եղէք, որ արցախցիի ոգին, բազուկի ուժն ու համբերութիւնը ոչ մէկ ազգ ունի եւ ոչ ալ կ՝ունենայ։ Մենք պէտք է կարենանք մեր տղաներուն օրինակով գօտեպնդուիլ եւ պայքարիլ մեր գոյութեան համար։ Մենք չընկրկող ազգ ենք, մենք դարեր ի վեր պայքարած ենք ու դեռ պիտի պայքարինք։

Եկէք իրապէս ոչ միայն խօսքով, այլեւ մեր գործով, պէտք եղած պարագային նաեւ արեամբ պաշտպանենք մեր հող հայրենին, ապաւինինք սեփական ուժերուն, որպէսզի մեր պայքարը պատուով պսակէ իր պտուղները։

Խաղաղութիւն  մեր երկրին, անփորձանք ծառայութիւն մեր սահմանապահ առիւծասիրտ մարտիկներուն։ Մենք, վրէժի ցասումը սրտերնիս առած, մեր յամառ կամքի եւ միասնականութեան շնորհիւ պիտի կերտենք նոր եւ արժանապատիւ յաղթանակներ։

Ես Արցախն եմ, մենք Արցախն ենք, Արցախը պիտի ապրի»-, ըսած է Ե․ Մարգարեան։