Տեւական Խաղաղութեան Համար Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Պէտք է Ստորագրեն Յատկապէս Ազրպէյճանի Առաջարկած Համապարփակ Խաղաղութեան Պայմանագիրը․ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Լոս Անճելըսի մէջ թուրք համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին խօսած է նաեւ հայ-թրքական ու հայ-ազրպէյճանական գործընթացներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Ան դարձեալ նշած է, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան համար ստեղծուած է մթնոլորտ՝ պնդելով, որ տեւական խաղաղութեան համար Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է ստորագրեն յատկապէս Ազրպէյճանի առաջարկած համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը:
Չաւուշօղլուն ակնարկած է նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին՝ ըսելով. «Այժմ արդէն Հիւսիսային միջանցքը դադրած է արեւելք-արեւմուտք առեւտուրի մէջ այլընտրանքային միջանցք ըլլալէ: Այժմ պէտք է քննարկել Միջին միջանցքը՝ Ազրպէյճան, Թուրքիա, Վրաստան, եթէ Հայաստանն ալ այս նախագիծերը իրականացնէ, ինքն ալ կ՝ընդգրկուի այնտեղ»:
Գալով հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին՝ Չաւուշօղլուն մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար նշանակած ենք յատուկ ներկայացուցիչներ: Ըսինք՝ Վիեննան ու Մոսկուան մէկ կողմ ձգենք, Հայաստանի մէջ հանդիպինք, որոշ ժեստեր ըրինք՝ մեր օդային տարածքը բացինք, ուղիղ չուերթները սկսան, օդային փոխադրումները, առեւտուրը կը սկսի:
Իբրեւ արդիւնք մենք որոշակի քայլեր ըրած ենք, բայց Հայաստանը իր վրայ եղած ճնշումներուն պատճառով դեռ չի կրնար մեր ուզած համարձակ քայլերը ընել»։
Աւարտին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը մեղադրած է ԱՄՆ-ի հայկական սփիւռքի որոշակի շրջանակները, որոնք իր կարծիքով դէմ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
